image

Ատրպէյճան «կրակ կը թափէ» Ֆրանսայի դէմ

Ատրպէյճան «կրակ կը թափէ» Ֆրանսայի դէմ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած՝ է մեղադրելով Ֆրանսան տարածաշրջանի մէջ լարուածութիւնը մեծցնելու փորձերու համար։

Անդրադառնալով ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ու Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի՝ նախօրէին կայացած հեռախօսազրոյցին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է․

«Անհեթեթութիւն է որպէս շրջափակում ներկայացնել սահմանային անցակէտի գործունէութիւնը, որ ստեղծուած է Լաչինի ճանապարհին վրայ քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու եւ ապրանքներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու Ատրպէյճանի պարտաւորութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ՝ այն ռազմական եւ անօրինական տնտեսական նպատակներով կիրառելը կանխելու նպատակով»։

Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական արտաքին գերատեսչութիւնն ափսոսանք յայտնած է, որ «ֆրանսական կողմը, հետեւելով Հայաստանի խեղաթիւրումներուն, չէ աջակցած այլընտրանքային ուղիներու օգտագործման համաձայնագիրներուն, որոնց աջակցած են Եւրոպական Միութիւնն ու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն»։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ անդրադաձած է նաեւ ՀՀ-ի մօտ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի կրակ բանալու վերաբերեալ լուրերուն՝ զանոնք որակելով ապատեղեկատուութիւն եւ ընդգծելով, որ ֆրանսացի նախարարի յղումն այդ միջադէպին

«անգամ մը եւս կ'ապացուցէ, որ Ֆրանսան շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելով»։

«Լուրջ մտահոգութեան տեղիք կու տայ այն, որ Ֆրանսան, որ 30 տարի շարունակ աչք կը փակէր ատրպէյճանցիներու զանգուածային արտաքսման եւ անոնց դէմ պատերազմական յանցագործութիւններուն վրայ, այժմ կը փորձէ իրականացնել իր նենգ քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ օգտագործելով հայ բնակիչները եւ յենուելով Հայաստանի կեղծ քարոզչութեան վրայ»,- նշուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։