Ատրպէյճանը կը շարունակէ սադրիչ գործելակերպը։ Ազգային Ժողովէն ներս որոշ լրատուամիջոցներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ըրած յայտարարութիւններուն:
Ալիեւ երէկ պահանջած է, որ Հայաստանը յստակ յայտարարէ՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» եւ ըսած է, որ Ղարաբաղի հայերը կա՛մ պէտք է ստանան Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն, կա՛մ գտնեն բնակութեան այլ վայր։ Ինչպէս նաեւ շարունակած է պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ներքին գործ է, եւ իրենք չեն պատրաստուիր այն քննարկել որեւէ մէկու հետ:
«Հայաստանի ԱԳՆ-ն արձագանգել է Ադրբեջանի ղեկավարի ելոյթին։ Ես արձանագրում եմ, որ Ադրբեջանի սադրանքի նպատակը հէնց դա է, որ իրադրութեան էսկալացիայի (սրացման) տանեն պրոցեսները (գործընթացները)»,–ըսած է Փաշինեան։
Ան աւելցուցած է, որ հայկական կողմը հանգիստ, քաղաքական հաւասարակշռուած գնահատականներով առաջ պիտի շարժի: