Արցախի հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ որոնողական աշխատանքները դադարեցուած են անորոշ ժամանակով. 15 փետրուարէն որոնողական աշխատանքներ չեն իրականացուիր:
Սա զինադադարէն ետք առաջին դէպքն է, երբ որոնումները կը դադարեցուին այսքան երկար ժամանակով:
Նշենք, որ մինչ այս պահը յայտնաբերուած է ընդհանուր 1485 զինուորական ու քաղաքացիական անձանց աճիւններ: