Քոնկրեսական Ատամ Շիֆը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հրաւիրած է հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու պալատի նիստի բացման աղօթքով։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA)։
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ն որպէս հիւր քահանայապետ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ՝ այս հինգշաբթի օրուան նիստէն առաջ կատարելով բացման աղօթքը», - կը տեղեկացնէ ANCA-ն՝ յիշեցնելով, որ 2022 թուականի սեպտեմբերին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համագումարի ժամանակ ընտրուած է խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները։
ANCA-ն նշած է, որ առաւօտեան աղօթքը պիտի հեռարձակուի C-SPAN ուղիղ եթերով եւ պիտի ներառուի Քոնկրեսի արձանագրութեան մէջ:
Այն պիտի հեռարձակուի նաեւ ANCA-ի դիմատետրեան եւ թուիթըրեան էջերով:
«Այն կե նախատեսուի սկսիլ հինգշաբթի, նոյեմբեր 9-ին մօտաւորապէս ժամը 9:00-ին», - նշած է ANCA-ն: