image

Ատամ Շիֆի հրաւէրով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս կու գայ որպէս ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի քահանայապետ

Ատամ Շիֆի հրաւէրով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս կու գայ որպէս ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի քահանայապետ

Քոնկրեսական Ատամ Շիֆը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հրաւիրած է հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու պալատի նիստի բացման աղօթքով։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA)։

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ն որպէս հիւր քահանայապետ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ՝ այս հինգշաբթի օրուան նիստէն առաջ կատարելով բացման աղօթքը», - կը տեղեկացնէ ANCA-ն՝ յիշեցնելով, որ 2022 թուականի սեպտեմբերին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համագումարի ժամանակ ընտրուած է խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները։  

ANCA-ն նշած  է, որ առաւօտեան աղօթքը պիտի հեռարձակուի C-SPAN ուղիղ եթերով եւ պիտի ներառուի Քոնկրեսի արձանագրութեան մէջ:

Այն պիտի հեռարձակուի նաեւ ANCA-ի դիմատետրեան եւ թուիթըրեան էջերով:

«Այն կե նախատեսուի սկսիլ հինգշաբթի, նոյեմբեր 9-ին մօտաւորապէս ժամը 9:00-ին», - նշած է ANCA-ն: