image
Հրատապ լուրեր:

«Աստղերու հաւատքով». Լոյս տեսած է Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն

«Աստղերու հաւատքով». Լոյս տեսած է Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի  բանաստեղծութիւններու ժողովածուն

 Օրերս Լոս Անճըլըսի մէջ լոյս տեսած է ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղութիւններու ժողովածուն։

Գիրքը, որ առաջինն է կ՚ամփոփէ տարբեր ժամանակներու գրուած բանաստեղծութիւնները, ուր հեղինակը կը պատմէ իր ազգային, գաղափարական, ու անհատական ապրումներուն մասին։Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին հեղինակին կողմէ կատարուած գրառումը, վստահեցնելով, որ ապագային եւս աւելի հանգամանաւոր կերպով պիտի անդրադառնանք նորատիպ հատորին։

 

Հպարտութեամբ եւ մեծ գոհունակութեանբ, երէկ լոյս աշխարհ բերինք իմ բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուս՝ «Աստղերու Հաւատքով»ը։ Մեծապէս երախտապարտ եմ բոլոր անոնց որոնք ինծի ընկերացան ու քաջալերեցին, որպէսզի այս հրատարակութիւնը եւ անոր մեկնարկը կարելի դառնան. այսպիսով, ներքին պահանջ մը՝ երազ մը իրականացաւ։ Միայն կը մնայ հասկնալ, թէ մերօրեայ իրականութեան մէջ, ժամանակակից արեմտահայ բանաստեղծական գործ մը հանրութեան հրամցնելը ինչպիսի հոսանքներու դէմ երթալ կը նշանակէ։

Գրքիս յաջորդ ներկայացումը պիտի կատարեմ շուտով, հայրենի հողին վրայ։