image

Արժէքաւոր աշխատութիւն՝ Հոգշ. Տ. Զաքարիա ծ. վրդ. Բաղումեանի գրչով. Լոյս տեսած է «Կիրակոս Երզնկացու՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացու լուծմունքները» աշխատութիւնը

Արժէքաւոր աշխատութիւն՝  Հոգշ. Տ. Զաքարիա ծ. վրդ. Բաղումեանի գրչով. Լոյս տեսած է  «Կիրակոս Երզնկացու՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացու լուծմունքները» աշխատութիւնը

Մաշտոցեան Մատենադարանի գիտական խորհուրդի որոշմամբ լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ հոգեշնորհ Հոգշ. Տ. Զաքարիա ծ.վրդ.  Բաղումեանի՝ «Կիրակոս Երզնկացու՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացու լուծմունքները» աշխատութիւնը: 

 Այս   մասին «Արեւելք»   կը կարդայ  «Առաւօտ» օրաթերթէն։ 

 Թերթի աշխատակիցներէն՝ Գոհար Յակոբեան  այս մասին  գրած է  հանգամանաւոր  թղթակցութիւնը, որ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

 

«Կիրակոս Երզնկացու՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացու լուծմունքները»    հատորին  մէջ ներկայացուած են Դ. դարու ճգնակեաց աստուածաբան եւ խորհրդապաշտ Սուրբ Եւագր Պոնտացիի «Յաղագս Ը. խորհրդոցն» եւ «Հարիւրաւորք վեցերորդք» երկերու ԺԴ․ դարու ռաբունապետ Կիրակոս Երզնկացիի լուծմունքներու բնագիրները՝ ուշագրաւ ուսումնասիրութեամբ։ 

Եւագր Պոնտացին 4-րդ դարու նշանաւոր ճգնակեաց հայրերէն է, որուն երկերը, յատկապէս Խորհրդապաշտ մտածողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ձգած են թէ՛ արեւելքի եւ թէ՛ արեւմուտքի վանականութեան շարժման վրայ: Իր երկերը երկու անգամ թարգմանուած են հայերէնի, առաջինը՝ հինգերորդ դարու Ոսկեդարեան թարգմանութիւններն են յունարէնէն, երկրորդը՝ Կիլիկեան շրջանին ասորերէնէն: 

Կիրակոս Երզնկացին եզակի հեղինակ է, որ մեկնաբանած է Եւագրի ութ խորհուրդներու մասին երկը՝ «Յաղագս Ը. Խորհրդոցն» եւ «Հարիւրաւորք վեցերորդքը»: Կիրակոս Երզնկացին մեր ամբողջ մատենագրութեան մէջ միակ հեղինակն է, որ մեկնութիւն գրած է այս երկին: Երզնկացին ամենայն հաւանականութեամբ 79 տարեկան էր երբ 1354-ին գրած է այս լուծմունքը Յովհաննէս Ռաբունապետի խնդրանքով:

«Կիրակոս Երզնկացու՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացու լուծմունքները» աշխատութեան մէջ տպագիր եւ ձեռագիր սկզբնաղբիւրներու, ուսումնասիրութիւններու եւ հեղինակի կատարած հետազօտութիւններուն հիման վրայ առաջին անգամ կը տրուի Կիրակոս Երզնկացիի կեանքի, գործունէութեան եւ մատենագրական վաստակի ամբողջական պատկերը, անդրադարձ կը կատարուի Սուրբ Եւագրի կեանքին, երկերու հայերէն թարգմանութիւններու հանգամանքներուն, ութ խորհուրդներու արեւելեան եւ արեւմտեան տեսութիւններուն, հայկական աւանդութեան մէջ անոնց ընկալման, լուծմունքներու գրութեան շարժառիթներուն՝ առանձնաբար վերլուծելով Կիրակոս ռաբունապետի աստուածաբանական, մարդաբանական, բարոյախրատական եւ խորհրդապաշտական հայեացքները։ 

Գիրքի խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Գէորգ Տէր Վարդանեան։

Հեղինակը՝ Հայր Զաքարիա Մայր Աթոռի միաբան է, Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն, դպրոցը գերազանցութեամբ աւարտելէն յետոյ ուսանած է Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը: 

2000-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, 2011-ին՝ կուսակրօն քահանայ, 2013-ին ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան, իսկ 2017-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան: Ան Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական-Աստուածաբանական խորհուրդի, «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագրի եւ Մաշտոցեան Մատենադարանի «Մատենագիրք հայոց» մատենաշարի խմբագրական խորհուրդներու անդամ է: Հեղինակն է 11 գիրքերու, 46 աստուածաբանական, հայագիտական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու, համահեղինակ՝ մէկ ուսումնական ձեռնարկի, ինչպէս նաեւ հեռուստատեսային հաղորդաշարերու: 

Դեռ սարկաւագ վիճակին Հայր Զաքարիան կը զբաղէր Կիրակոս Երզնկացիի աշխատութիւններով: Գիրքին մէջ դրուած են այն բոլոր յօդուածները, որոնք հրատարակուած են, երբ Հայր Զաքարեան դեռ Տիգրան սարկաւագ Բաղումեան էր: 

Նիւթը՝ «Առավոտ» կայքէն