ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Պատմութեան հիմնարկը՝ «Մեսրոպ Արք․ Աշճեան» մատենաշարով, 2022-ի Մարտին հրատարակեց Պետրոս Մովսէս Թովմասեանի «Աղթամարի Թագաւորը՝ Սմբատ Արծրունի-Սեֆեդինեան (1465-1471) Հայոց վերջին արքայ» աշխատութիւնը։
Գիրքի հեղինակը եւ Իրինա Բարսեղեան-Կրպէեան հանգամանալից կ'անդրադառնան Աղթամարի թագաւոր՝ Սմբատ Արծրունիին։
Իրաքահայ պատմաբան՝ Պետրոս Թովմասեան կը շեշտէ հայոց մէջ պետականակերտութեան գաղափարի առկայութեան եւ իրացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Աղթամարի թագաւորութեան պատմական մեծ նշանակութիւնը։
«Ծիծաղախիտ Վանայ ծովի
Փոքրիկ գիւղից առափնեայ,
Ծովն է մտնում գաղտագողի
Ամէն գիշեր մի տղայ»:
Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Ախթամար» բանաստեղծութեան առաջին քառատողն է։ Հիմնուելով հին հայկական հեքիաթին վրայ, բանաստեղծը տուած է կղզիին անուան ստուգաբանութիւնը։ Լիճի ալիքներուն մէջ խեղդուող տղան չի հասնիր իր սիրած աղջկան՝ Թամարին, եւ անոր շրթունքներուն վրայ կը սառի «Ա՜խ, Թամար» խօսքը։ Այդ պահէն սկսած կղզին կը կոչուի Ախթամար (Աղթամար)։
Վանայ լիճի Աղթամար կղզին բնակեցուած եղած է նախաուրարտական շրջանին, որու վկայութիւնն են կիկլոպեան ամրոցներու հետքերը։
Աղթամարը եղած է Հայոց Ռշտունիներու եւ Արծրունիներու նախարարական տոհմերու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսանիստ քաղաք։
927 թուականին Աղթամար կղզի տեղափոխուեցաւ նաեւ հայոց կաթողիկոսը, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կաթողիկոսանիստ կեդրոն դարձնելու Արծունիներու առաջին փորձն էր։ Շուրջ քսան տարի՝ 927-947 թուականներուն Աղթամարին մէջ գահակալեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցին, Ստեփանոս Բ. Ռշտունին, Թեոդորոս Ա. Ռշտունին, եւ Եղիշէ Ա. Ռշտունին։
Կաթողիկոսական աթոռը կղզիին մէջ հիմնադրուեցաւ 1113 թուականին Արծրունիներու Խեդենիկեան իշխանութեան օրօք։
Խեդենիկ Բ. Արծրունին արու զաւակ չունէր, ան իր դստերը՝ Մարիամը ամուսնացուց Արծրունեաց տոհմէն Սեֆեդին իշխանին հետ, որուն կտակեց Աղթամար կղզին։ Այս ամուսնութեամբ հիմք դրուեցաւ Արծրունեաց-Սեֆեդինեան իշխանական ընտանիքին, որ ժառանգեց Աղթամարի կաթողիակոսական աթոռը մինչեւ 16-րդ դարը։
Սեֆեդին անուան ծագումը գրքին մէջ կու տայ հեղինակը, բացատրելով, որ արաբերէնով «սէյֆ» կը նշանակէ «սուր», իսկ «դին»-կրօն, այսինքն՝ «կրօնի սուրը կամ պաշտպանը»։ Այս տոհմի անդամներէն էր նաեւ ժամանակի քաղաքական մեծ դէմք՝ Զաքարիա Գ. կաթողիկոսը։
Կարակոյունլուներու գերիշխանութեան տարիներուն կարեւոր պատմական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան՝ 1441 թուականին Հայոց Հայրապետական Աթոռի հաստատումը Ս․ Էջմիածնի եւ 1465 թուականին Հայկական թագաւորութեան վերականգնման փորձը Վասպուրականի Աղթամար կղզիին մէջ։
Այս իրադարձութիւնները նախապատրաստեցին Սմբատ Արծրունի Սեֆեդինեանի Աղթամարի թագաւոր օծուելուն։
Սմբատ Արծրունիի թագաւոր օծուելու պահը պատկերուած է բացառիկ ձեռագրով մը։ Ան, որպէս միջնադարեան հայ անկախ պետականութեան եւ կաթողիկոսութեան հիմնադիր թագաւորներէն մէկը, բարձր գնահատականներու արժանացած է պատմիչներու ու հետագայ ուսումնասիրողներու կողմէ։
Աղթամար կղզիի մէջ թագաւորութիւն հիմնելու համար կային ներքին եւ արտաքին նպաստաւոր պայմաններ, որոնք ճիշդ օգտագործուեցան ժամանակի քաղաքական եւ հոգեւոր գործիչներու կողմէ։
Չնայած փոքր տարածքին, Աղթամարի թագաւորութիւնը դասական իմաստով թագաւորութիւն էր։
Գիրքին մէջ ուշագրաւ անդրադարձներ կան Սմբատ Արծրունի Սեֆեդինեան թագաւորի ժառանգներուն, քանի մը արժէքաւոր ձեռագիրներու, որոնցմէ է, օրինակ՝ Ներսէս Եպիսկոպոսի 1472-ի գրած ձեռագիրը եւ այլն։ Հեղինակը անդրադարձաւ նաեւ գիրքի կառուցուածքին եւ թեմատիկ բաժանումներուն։
Աղթամարի Արծրունեաց թագաւորութիւնը թէեւ կարճատեւ ընթացք, սակայն մեծ պատմական նշանակութիւն ունեցաւ հայոց պատմութեան հետագայ ժամանակաշրջաններու համար։
Ինքնիշխանութեան, պետական մտածողութեան սաղմերը փոխանցուելով սերունդէ սերունդ, հետագայ դարերուն տուին պտուղներ, եւ Վասպուրականի մէջ կերտուեցան հայ ազատագրական պայքարի ու գաղափարախօսութեան նոր յաղթանակներ։
Նիւթը՝ «Հայաստանի հանրային ռատիո»էն