Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Սամուէլ Մարգարեան 27 Դեկտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ դժուարամատչելի ծառայութիւնները հասանելի պիտի ըլլան 30 տոկոսով նուազ գիներով: Ըստ անոր՝ նախորդ տարուան ֆինանսական միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման նպատակով 12 դժուարամատչելի ծառայութիւններու գիները նուազած են՝ համապատասխանեցուելով շուկային մէջ առկայ համադրելի գիներու մակարդակին:
«Կատարուած ակտուալական վերլուծութիւնների հիման վրայ գնահատուել է Հայաստանի ամբողջ բնակչութեանը բժշկական հիմնական ծառայութիւնների ապահովման համար անհրաժեշտ ծախսերի քանակը», ըսած է Մարգարեան: Անդրադառնալով պետական պիւտճէին՝ փոխնախարարը նշած է, որ առողջապահական համակարգին այս տարի յատկացուած է 89 միլիառ դրամ, որ կրնայ բաւարար ըլլալ 323 քաղաքացիներու հիւանդանոցային ծախսերու:
«Ոլորտում իրականացուած օպտիմալացման արդիւնքում 2017 թուականին առողջապահական բիւջէի ծախսերը նախատեսւում է կրճատել 1.8 միլիարդ դրամով: Այն կ՛ուղղուի սոցիալապէս անապահով եւ յատուկ խմբերում ընդգրկուած քաղաքացիների ամբուլատոր եւ ստացիոնար բժշկական ծառայութիւնների փոխհատուցմանը», աւելցուցած է առողջապահութեան փոխնախարարը: