image

Արտաւազդ Փելեշեան պարգեւատրուեցաւ Չեխիոյ շարժապատկերի միջազգային փառատօնին

Արտաւազդ Փելեշեան պարգեւատրուեցաւ Չեխիոյ շարժապատկերի միջազգային փառատօնին

Նշանաւոր հայ բեմադրիչ-վաւերագրող, բեմագիր, դերասան Արտաւազդ Փելեշեան Չեխիոյ Եիկլաւա քաղաքին մէջ կայացող Վաւերագրական շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին արժանացած է պարգեւի՝ համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած աւանդին համար։ Այս մասին կը գրէ «Prague Post»-ը:

Ստեղծագործական ֆորումի տնօրէն Մարեք Կովորքան՝ խօսելով Արտաւազդ Փելեշեանի եզակի տաղանդին մասին, նշած է, որ ան կրցած է կեանքին իմաստը փոխանցել մեծ պաստառին վրայ, քանի մը վայրկեանուան ընթացքին, իսկ անոր աշխատելաոճը, որով բեմադրիչը կը ստեղծէ իր աշխատանքները, ընդմիշտ պիտի մնայ շարժապատկերի պատմութեան մէջ:

Նշենք, որ Չեխիոյ փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ 27 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր, ցուցադրուած են 250 ժապաւէններ։