Ատրպէյճանը հրաժարած է մասնակցիլ Մոսկուայի մէջ կայանալիք Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) տնտեսական խորհուրդի նիստին, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ Ատրպէյճանը սովորաբար Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) նիստերուն կը ներկայացնէ առաջին փոխվարչապետ Եակուպ Էյուպովը։
«Եակուպ Էյուպովը ներկայ պիտի չըլլայ այս միջոցառման։ Այս որոշման պատճառը Եկատերինպուրկի մէջ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններն են, անցեալ տարուան վերջը Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ AZAL օդանաւի խոցումը եւ ռուսական կողմի՝ այդ խնդիրները լուծելու համար համարժէք քայլեր ձեռնարկելու անպատրաստ ըլլալը», -ըսած է քաջատեղեակ աղբիւրը։