Իսրայէլեան անօդաչու թռչող արքերը յուլիս 18-ի առաւօտեան հարուածած են Սուրիոյ Սուէյտայի նահանգի չորս վայրեր։ Այս մասին յայտնած է Syria TV-ի թղթակիցը։
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ ցեղախումբերու ուժերը վերահսկողութիւն հաստատած են նահանգի արեւմտեան գիւղական շրջաններէն մէկուն վրայ եւ հասած են Սուէյտա քաղաքի ծայրամասերը։
Սուրիոյ նախագահի գրասենեակը յուլիս 17-ի երեկոյեան յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, թէ անօրինական զինեալ խումբերը սարսափելի ոճիրներ գործած են Սուէյտայի մէջ խաղաղ բնակիչներու դէմ՝ բանակի եւ ներքին անվտանգութեան ուժերու նահանգէն դուրս բերուելէն ետք՝ ընդգծելով, որ այդ ոճիրներուն մասնակցած բոլոր անձերը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ կառավարական ուժերու հեռացումը տեղի ունեցած է «երկիրը հետագայ սրումէն զերծ պահելու նպատակով, եւ ի պատասխան յուլիս 16-ի երեկոյեան տեղի ունեցած ամերիկա-արաբական միջնորդութեան»։
Սուրիոյ ղեկավարութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած է՝ «նպաստելու կայունութեան վերականգնումին, անվերահսկելի զէնքի վերահսկողութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման՝ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին»։
Նաեւ ընդգծուած է «Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն շարունակական բացայայտ միջամտութիւնը, որ միայն կ՚առաջացնէ քաոս եւ աւերներ՝ եւ աւելի կը խորացնէ տագնապը տարածաշրջանին մէջ»։