image

Իշխան Եղիայեանի գլխաւորած ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը ընդունուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

Իշխան Եղիայեանի գլխաւորած ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը ընդունուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

Երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի, ստանալու համար հայրապետին օրհնութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` զայն նկատելով մարդակերտումի ու հայակերտումի դպրոց, ուր մեր զաւակները ոչ միայն մարմնամարզական կրթութիւն կը ստանան, այլեւ կը լեցուին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով:

Ատենապետը ընդհանուր գիծերով վեհափառ հայրապետին ներկայացուց վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու կատարելիք աշխատանքները: