image

Լիբանան կը մտնէ ծանր փուլ մը. Գրառում

 Լիբանան կը մտնէ ծանր փուլ մը. Գրառում

Լիբանան կը մտնէ շատ դժուար եւ ահաւոր վտանգներով փուլ մը։ 

Ամիսներէ ի վեր կը գրուի իրավիճակի «քրիթիք» ըլլալուն մասին։

 

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

 

 

Լիբանան կը մտնէ շատ դժուար եւ ահաւոր վտանգներով փուլ մը։ 

Ամիսներէ ի վեր կը գրուի իրավիճակի «քրիթիք» ըլլալուն մասին։

Իսրայէլ կը դիտարկէր եւ «Հըզպալլա» կը շարունակէր իր յոխորտութիւնները։ 

«Մենք զէնք յանձնողը չենք, կամ «մենք կը մեռնինք եւ մեր զէնքը» ու աւելի ծանրագինը՝ «բոլոր անոնք, որ մեր զէնքի յանձնումը դարձուցած են նիւթ եւ օրակարգ, անոնք եւս մեր թշնամիներն են ու ... դաւաճան են...»։

Ճիշդ է, որ հիմա այս բոլորին ժամանակը չէ, բայց մարդիկ պէտք է տեսնեն ու հասկնան, որ «Հըզպալլա»ն ինչպէս կը գործէ, ինչպէս գործեց եւ այսօր Իրանը նախընտրեց իր սեպհական երկրին ու հայրենիքին դիմաց։

Դեռ երկար պիտի վերլուծուի այս իրավիճակը, ու բոլոր տուեալներն ու հիմքերը կան, որ Լիբանանը լաւ ուղղութեան մը վրայ չէ։

Յ.գ. Այս բոլորին առընթեր, այս նիւթը «պահել»ը, այս մասին «զուսպ» խաղալը, անտեսելը, նոյնքան վնասակար են, ինչքան «Հըզպալլա»ի զէնքը, որ վաղուց դարձած է վտանգ եւ վնաս ամբողջ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն։

 Տեսնենք հիմա, ինչ պիտի ըլլան առարկումները եւ ինչպէս պիտի «թարգմանուին» գալիք դէպքերը, ի վերջոյ

կը ցաւիմ իմ ծննդավայրիս համար։