image

Իրանի դեսպանը կանչուած է ԱՄԷ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Իրանի դեսպանը կանչուած է ԱՄԷ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Իրանի դեսպան Ռեզա Ամերին՝ երկրի տարածքին Թեհրանի հասցուցած պատասխան հարուածներու առնչութեամբ։ Այս մասին նշուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ։

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Ռեզա Ամերին եւ անոր յանձնած է բողոքի խիստ գրութիւն մը, ուր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ամենավճռական կերպով դատապարտած է Իրանի կողմէ իրականացուած յարձակումներն ու գրոհները», նշուած է գերատեսչութեան X-ի էջին վրայ հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Խալիֆա ալ-Մարարն ալ շեշտած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պիտի չարտօնէ իր տարածքի օգտագործումը Իրանի դէմ որեւէ ռազմական գործողութեան համար։ Անոր խօսքով՝ ամերիկեան յարձակումը սկսելէն ետք Իրանի պատասխան գործողութիւնները կը հակասեն երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարիդրացիական սկզբունքներուն։