image

Արման Սահակեանը 2 ամիսով կալանաւորուած է

Արման Սահակեանը 2 ամիսով կալանաւորուած է

Երկու ամիսով կալանաւորուած է Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ, ՀՀԿ անդամ Արման Սահակեանը։

Սահակեանը կալանաւորուած է ընտրակաշառք տալու կամ ստանալու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

Ապրիլին Հակափտածութեան կոմիտէէն յայտնած էին, որ Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանը ձերբակալուած է կոմիտէէն ներս քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի տարբեր յօդուածներով նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու մեղադրանքներով: Այդ ժամանակ Սահակեանի նկատամամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած էր գրաւը եւ չբացակայելու արգելքը: