image

Փաշինեանի հետ վիճաբանած Արթուր Օսիպեանը կալանաւորուած է

Փաշինեանի հետ վիճաբանած Արթուր Օսիպեանը կալանաւորուած է

Արցախցի քաղաքական գործիչ Արթուր Օսիպեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է, ան կալանաւորուած է։ Այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէն։ 

Արցախցի քաղաքական գործիչ Արթուր Օսիպեանը ձերբակալուած էր մայիս 18-ին Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ վիճաբանելէն ետք։

Կոմիտէէն յայտնած են, որ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ Արթուր Օսիպեանը  մարտ 22-ին տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւններու օգտագործմամբ՝ դիմատետրի իր օգտահաշիւի միջոցով, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած շարժառիթով, կատարած է հրապարակային գրառումներ՝ այդ կերպ ՀՀ վարչապետի հասցէին ուղղակի դիտաւորութեամբ հնչեցնելով բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր:

«Բացի այդ, Արթուր Օսիպեանը, տեղեկանալով  վարչապետի եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան այլ անդամների կողմից մայիսի 18-ին Արաբկիր վարչական շրջանում իրականացուելիք նախընտրական քարոզչութեան մասին, վերջիններիս նախընտրական քարոզչութիւն կատարելուն խոչընդոտելու նպատակով՝ Ֆեյսբուքի իր անձնական օգտահաշիւում հրապարակում կատարելուց յետոյ ժամանել է Արաբկիր վարչական շրջանի Վրացական 7 շէնքի բակ եւ օգտագործելով քարոզչութեան հրապարակային բնոյթը, տեղում հաւաքուած մեծաթիւ քաղաքացիների առկայութիւնը՝ խոչընդոտել է նախընտրական քարոզչութեան բնականոն ընթացքը:

Այնուհետեւ, Արթուր Օսիպեանը հասարակութեան նկատմամբ դրսեւորել է բացայայտ անարգալից, իրաւական ու բարոյական նորմերի նկատմամբ արհամարհական վերաբերմունք, այն է՝ հնչեցրել է հայհոյանքներ եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններ՝ անտեսելով հաւաքուածների կողմից համակեցութեան կանոնները յարգելու եւ պահպանելու յորդորները, խաթարել է հասարակական կարգը»,-ըսուած է ՔԿ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին Արթուր Օսիպեանի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 330-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով (բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով նիւթեր կամ առարկաներ տարածելը), 297-րդ յօդուածի 1-ին մասով (խուլիգանութիւնը) եւ 211-րդ յօդուածի 1-ին մասով (քարոզչութիւն կատարելուն կամ քարոզչութիւն կատարելուց հրաժարուելուն հարկադրելը կամ քարոզչութիւն կատարելուն այլ կերպ խոչընդոտելը):