Թուրքիա- Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ անհիմն մեղադրանքներով բանտարկուած քաղբանտարկեալ Սեւան Նշանեան կրնայ իր գտնուած բանտէն աւելի լաւ պայմաններով այլ բանտ մը փոխադրուիլ: «Արեւելք» այս տեղեկութիւնները ստացաւ Արսէն Նշանեանէն, անոր հետ երէկ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին: Արսէն Նշանեան նաեւ նշեց, որ ինք այսօր (Հինգշաբթի) այցելութիւն պիտի տար իր հօր սակայն վերջին պահուն այդ այցելութիւնը ջնջուած է: Նշանեան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ բանտային համակարգին մէջ ընթացող փոփոխութիւնները կապ ունին երկրի ընդհանուր իրավիճակին հետ: Ըստ մեր աղբիւրին Թուրքիոյ բանտերուն մէջ եղող հազարաւոր բանտարկեալներ այլ վայրեր կը փոխադրուին ու անոնց տեղ դէպքերուն արդիւնքով նոր ձերբակալուած բանտարկեալներ կը տեղադրուին: Արսէն Նշանեան խոստացաւ յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել նոյնպէս յոյս յայտնելով, որ հայրը՝ քաղբանտարեալ Սեւան Նշանեանը աւելի յարմարաւէտ պայմաններով բանտ մը կը փոխադրուի: Յիշեցնենք, որ Սեւան Նշանեան տասնեակ հատորներու հեղինակ է եւ անոր կարեւորագոյն հատորը կը համարուի «Սխալ Հանրապետութիւն կամ 51 Հարց Քէմալիզմին եւ Աթաթուրքին» հատորը: Նշանեան բանտարկուած էր Դեկտեմբեր 2013-ին Շիրինճէյի մէջ իր կառուցած պանդոկին մէջ ապօրինի շինութիւն մը կառուցելու անհիմն մեղադրանքով եւ անոր բանտարկութիւնը կապ ունի իր քաջ եւ անդրդուելի կեցուածքներուն հետ: