Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան շաբաթ օր ինքաշարժի արկածի ենթարկուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ թեմի դիմատետրեան էջէն, որ նաեւ կը գրէ, թէ Առաջնորդ Հայր Սուրբին վիճակը կայուն է ու անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Կը նշուի նաեւ, որ արկածը եղած է այն ժամանակ, երբ հայր սուրբն իր ինքնաշարժով կ՚ուղղուէր,դէպի «Սուրբ Մեսրոպ Ճամբար»։
Արկածին այլ մասնակիցներ չկան, իսկ Հայր Սուրբին ինքնաշարժը սահած է եւ հարուածած է մայթեզրին։
Առաւելաբար վիրաւորուած են անոր կոնքն ու զոյգ ոտքերը եւ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ «Ալպանի» հիւանդանոցէն ներս։
Կը նախատեսուի, որ Առաջնորդ Պարսամեան վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուի յառաջիկայ օրերուն։
Խօսելով թեմական մարմիններուն հետ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնած է Աստծոյ եւ խնդրած հաւատցեալներէն ու ծանօթներէն, որ զինք յիշեն կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի ժամանակ։
Առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք ԱՄՆ Արեւելեան թեմի նորընտիր Առաջնորդ Հայր Սուրբին։