Արցախը մենք բոլորս միասին յանձնեցինք Ատրպէյճանին։ Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, նակխկին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցին, թէ ով յանձնեց Արցախը։ Բաբայեանը կը մասնակցէր Ազգային Ժողովէն ներս 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովի նիստին։
«Դուք էլ էք յանձնել, որ 20 տարի էդ Արցախը խեղել էք, չէք թողել՝ որեւիցէ մի բան արուի (իշխանութեան հետ միասին)»,-ըսած է Բաբայեանը՝ արձագանգելով լրագրողի դիտարկման, թէ ինք անձամբ Արցախ չէ յանձնած։
Պարզաբանելով, թէ իշխանութիւն ըսելով որու նկատի ունի՝ Բաբայեանն ըսած է՝ Արցախի, Հայաստանի իշխանութիւնները՝ ժողովուրդի հետ միասին։
Լրագրողներէն մէկը հարց ուղղած է՝ Նիկոլ Փաշինեա՞նն ալ նկատի ունի այս ցանկին մէջ, Բաբայեանն ըսած է. «Այո՛, բոլորին»։
«Դուք ուղիղ մեղադրու՞մ էք Հայաստանի իշխանութեանն Արցախը յանձնելու մէջ»,-հարց ուղղեցին Բաբայեանին։
«Ի հա՛րկէ, բա հո ձեզ չե՞մ մեղադրելու»,- հակադարձած է Բաբայեանը լրագրողին։
Ան նաեւ նշած է, որ Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ չէ հանդիպած, չի գիտեր, թէ ինչ կը պատրաստուին ընել Արցախի իշխանութիւնները։
Սամուէլ Բաբայեանը նաեւ պարզաբանած է, թէ ինչու աւելի վաղ հրաժարած էր մասնակցիլ քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն։ Անոր խօսքով՝ ինք առաջարկած էր ժամանակգրութեամբ ետ երթալ եւ ուսումնասիրել վերջին 20 տարուան իրադարձութիւնները, բայց առաջարկը մերժուած էր։ Իսկ հիմա եկած է, որովհետեւ հրաւիրած են։
«Հրաւիրել են, ես էլ համաձայնել եմ գալ ու բոլոր հարցերին պատասխանել։ Իսկ ինչո՞ւ պէտք է խուսափեմ։ Այն հարցերը, որ ինձ կ՚ուղղեն, ես կը պատասխանեմ անկեղծ»,-ըսած է Բաբայեանը։
Ան նաեւ նշած է, որ Արցախի հարցը չէ լուծուած եւ ոչ մէկ ժամանակահատուածի մէջ չի կրնար լուծուած ըլլալ։ Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ինչպիսի լուծում կ՚առաջարկէ, յիշեցուցին, որ ան առաջարկած էր կոմիտէ ստեղծել։
Բաբայեանն ալ ըսած է՝ առաջարկած է, բայց Արցախի իշխանութիւնները երեւի իրենց ձեւն ունին, Հայաստանի ընդդիմութիւնն ալ համարած է, որ ինքը (Բաբայեանը) անոնց կը խանգարէ, ուստի ձեռնպահ կը մնայ։