image

Եօթ օրէն պարզ պիտի դառնայ Սամուէլ Կարապետեանի «ճակատագիր»ը

Եօթ օրէն պարզ պիտի դառնայ Սամուէլ Կարապետեանի «ճակատագիր»ը

Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեանը գրած է․

«Այսօր Վերաքննիչ դատարանը Սամուէլ Կարապետեանի ձերբալակութիւնը ճանաչեց ոչ իրաւաչափ:

Մօտակայ 7 օրուայ ընթացքում դատարանը պէտք է որոշի ազատում է կալանքից, թէ ոչ: Յուսով եմ այսքանից յետոյ արդէն ոչ ոքի մօտ կասկած չի մնայ , որ կալանքը օրինաչափ չէ»: 

Աւելի վաղ ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը ոչ իրաւաչափ ճանչցած է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալումը։ Դատարանը հաստատած է, որ 2025-ի յունիս 18-ին Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալումը եղած է ոչ իրաւաչափ, որու հետեւանքով Սամուէլ Կարապետեանն ապօրինաբար՝ շուրջ 9 եւ աւելի ժամ պահուած է անազատութեան մէջ: Այսպիսով, Վերաքննիչ քրէական դատարանը հաստատած է սոյն քրէական վարոյթով տեղի ունեցող ապօրինութիւններու շարքէն հերթականը՝ Սամուէլ Կարապետեանի ապօրինաբար եւ անհիմն ձերբակալուելու փաստը: