Ռուսաստանի Պետական Տումայի պատգամաւոր Անթոն Մորոզովի խօսքով՝ Ռուսաստանի համար հայ ժողովուրդը բարեկամ է. այդ իսկ պատճառով, անկախ անկէ, թէ ով է Հայաստանի ղեկավարը, իրենք պիտի շարունակեն աջակցիլ, գնահատել եւ սիրել հայ ժողովրդին:
«Անկախ այն հանգամանքէն, թէ Հայաստանի ղեկավարի նկատմամբ վստահութեան չափը ինչքան է՝ քիչ մը շատ, քիչ մը քիչ, կամ ընդհանրապէս չկայ, մենք կը հասկնանք, որ հայ ժողովուրդի հետ կապուած ենք բարեկամական կապերով, եւ նաեւ՝ շատ հայեր այսօր կ'ապրին Ռուսաստանի մէջ: Մենք Հայաստանին երբեք մինակ չենք ձգեր»,- Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ան:
Անթոն Մորոզովը նշած է, որ հիմա ալ ինքը կը կարծէ, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում: «Այն հինցած հիմնախնդիր է, առաջացած է Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով: Այն ժամանակ մենք՝ երեք երկիրներս, ապրեր ենք միեւնոյն միութեան մէջ, չէ եղած ոչ մէկ սուր անհամաձայնութիւն, չեն եղած վիճելի տարածքներ: Հիմա է, որ Արեւմուտքէն սադրիչ մարդիկ հասարակութիւնները կը մղեն պատերազմի, կը ստեղծեն տպաւորութիւն, որ հիմնախնդիրը կարելի է պատերազմով լուծել, կողմերը կրնան պատերազմիլ եւ այլն: Բայց մենք կը հասկնանք, որ այդ զոհեր կը պատճառէ: Հիմնախնդիրը կրնայ լուծուիլ միայն քաղաքական, դիւանագիտական ճանապարհով»,-ըսած է ան:
Ռուսաստանին, ըստ Պետական Տումայի պատգամաւորի, պէտք է իր սահմաններուն մէջ կայունութիւն եւ որ չզոհուին իրենց եղբայրները՝ հայերը: «Աշխարհի մէջ չկայ երկրորդ այլ պետութիւն, որ այնքան հետաքրքրուած ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ խաղաղութեամբ, որքան Ռուսաստանն է»,- ըսած է ան:
Բախումներ, ըստ Անթոն Մորոզովի կարծիքի, հակամարտութեան գօտիին վրայ այլեւս չեն ըլլար. ռուս խաղաղապահները կը վերահսկեն իրավիճակը: «Կը զարգացնենք տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւնները, բոլոր հակասութիւնները կը հասցնենք նուազագոյնի, որպէսզի այս տարածաշրջանի հայերն ու ատրպէյճանցիները խաղաղ ապրին»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ կ'ենթադրէ, որ ռուս խաղաղապահ զօրամիաւորումները դեռ երկար պիտի մնան, այնքան մինչեւ վերացնեն պատերազմի վերսկսման բոլոր նախադրեալները:
Ռուսաստանը, ըստ անոր, պիտի շարունակէ իր՝ աշխոյժ միջնորդի դերը խաղալ նաեւ բանակցային սեղանին: «Ռուսաստանի միջնորդութեամբ բանակցութիւններն ալ կը բացառեն պատերազմը»,-ըսած է ան: