Շուշիի շրջանի Քարին տակ գիւղի եւ լեռնաանտառային գօտիի, Ասկերանի վերին ենթաշրջանի Աւետարանոց եւ Սզնէք համայնքներու, ինչպէս նաեւ հարաւային թեւի՝ Ճապրայիլի եւ Իշխանաձորի ուղղութեամբ որոնողական աշխատանքներու ընթացքին նախօրէին յայտնաբերուած է եւս 19 հայ զինծառայողի աճիւն։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը։
«Այսօր որոնողական աշխատանքները շարունակւում են Հատրութի, Ֆիզուլիի, Մարտունու եւ Շուշիի շրջաններում։ Այդ աշխատանքներին մասնակցում են անհետ կորածների հարազատներն ու մարտական գործողութիւնների տեղանքին ծանօթ կամաւորները»,-աւելցուցած է Թադեւոսեանը։
Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած է 1039 զոհուած զինծառայողի մարմին:
Յիշեցնենք նաեւ, որ թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ իրականացուող որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ՝ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով նախօրէին գտնուած են աւելի քան 70 օր անյայտութեան մէջ գտնուող ժամկէտային 6 զինծառայողներ։ Անոնք բուժզննման կարիք ունին եւ առայժմ կը մնան բժիշկներու հսկողութեան տակ։