Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ հրադադարի խախտման երկու դէպք արձանագրուած է, տուժածներ չկան։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկագրին մէջ։
Տեղեկագրին մէջ նշուած է, որ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ այս փաստի առնչութեամբ։
«Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով։ Ռուս խաղաղապահները մեքենաներու ճանապարհով Ստեփանակերտ հասցուցած են 271 թոն մարդասիրական օգնութիւն»,- ըսուած է տեղեկատուութեան մէջ։