image

Արցախի կառավարութեան կը փոխանցուին միայն համապատասխան փորձաքննութիւնն անցած եւ որակեալ բեռերը

Արցախի կառավարութեան կը փոխանցուին միայն համապատասխան փորձաքննութիւնն անցած եւ որակեալ բեռերը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհով տեղափոխուած են բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ, որոնք ներկայիս կը գտնուին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պահեստին մէջ: Ատոնք Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կը փոխանցուին միայն համապատասխան փորձաքննութիւնն անցնելէ ետք:

Փորձաքննութիւն անցած եւ Արցախի Հանրապետութեան  կառավարութեան կողմէ սահմանուած չափանիշերուն (ծագում, որակ) չհամապատասխանող ապրանքները պիտի ոչնչացուին:

Միեւնոյն ժամանակ հանրապետութեան իշխանութիւններն աշխատանք կը տանին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հետ, որ այսուհետեւ Արցախ ներմուծուին պահանջներուն համապատասխանող ապրանքներ,- յայտնած են Արցախի շտաբէն: