Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ շարունակած է խախտել հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 60 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 680 կրակոց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, 16 յունուարին՝ ժամը 23:55-ի մօտ, ՊԲ արեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման արդիւնքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է զինծառայող, 19-ամեայ Գուրգէն Յարութիւնի Սարգսեանը:
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: