image

Արաքչի յայտարարած է, որ Իրանը նախապէս տեղեակ եղած է Իսրայէլի յարձակումէն

Արաքչի յայտարարած է, որ Իրանը նախապէս տեղեակ եղած է Իսրայէլի յարձակումէն

Իրանը տեղեկութիւններ ստացած է Իսրայէլի կողմէ հնարաւոր յարձակման մասին. այս մասին, ինչպէս գրած է Mehr գործակալութիւնը, ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Իրանը իսրայէլեան յարձակման պատասխանելու իրաւունք ունի եւ ճիշդ ժամանակին պիտի պատասխանէ:

«Յարձակման նախորդող երեկոյէն մենք ստացած էինք ազդանշաններ, որոնք կը վկայէին յարձակման հաւանականութիւնը, ատկէ ետք մենք համոզուած էինք`յարձակում պիտի ըլլայ: Բացի այդ, տարբեր կողմերու հետ հաղորդագրութիւններ փոխանակած ենք եւ մինչեւ յարձակումը ձեռնարկած ենք անհրաժեշտ միջոցներ եւ այս առումով մեր պարտքը կատարած ենք: Մենք չենք մոռանար մեր նահատակներու արիւնը եւ մեզի իրաւունք կը վերապահենք պատասխանելու Սիոնիստական ռեժիմի (Իսրայէլը-Խմբ.) յարձակողական գործողութիւններուն, եւ այդ պիտի կատարենք համապատասխան պահուն», -ըսած է Արաքչին:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Իսրայէլի հաուածներուն մեղսակից է Միացեալ Նահանգները։

Նշենք, որ Իսրայէլի բանակը յայտարարած էր, որ հոկտեմբեր 26-ի գիշերը «նպատակային եւ ճշգրիտ» հարուածներ հասցուցած է Իրանին, որ եղած է ի պատասխան հոկտեմբեր 1-ին Իսրայէլի վրայ Իրանի զանգուածային հրթիռային յարձակման: