Ընդհանրապէս կուսակցութիւնները, աւելի ճիշդ` կուսակցականները, հաւաքականութեան մը երեքէն չորս առ հարիւրը կ՛ըլլան: Սակայն իրենց գաղափարական զօրութեամբ ժողովուրդներ, ազգեր կը ղեկավարեն:
Այդպէս է նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պարագային: Լսած եմ, որ 1990-ական թուականներուն, երբ Դաշնակցութիւնը նոր կը տարածուէր Հայաստանի մէջ, Երեւանի մէջ, ժողովէ մը ետք, երբ Հանրապետութեան հրապարակ կը հասնին ընկեր Սօս Սարգսեանը` այդ մութ ու ցուրտ օրերուն, անոր կողքին` ընկեր Հրաչ Տասնապետեանն ու ընկեր Երուանդ Մոնոֆարեանը, Ս. Սարգսեան անոնց նայելով կ՛ըսէ, որ եթէ մեր ժողովուրդը ճիշդ հասկնայ մեր գաղափարաբանութիւնը, Հայաստանի բոլոր բնակիչները դաշնակցական կը սեպուին:
Իրականութեան մէջ ալ այդպէս է: Միշտ մեր ժողովուրդին կողքին կանգնելու, Հայաստանէն ու Արցախէն չկտրուելու, բոլորիս կամքը զօրաւոր պահելու եւ յարատեւ պայքարի յանձնառութեան մեր երդումը բոլոր մակարդակներու վրայ անմար պէտք է մնայ:
133 տարի շարունակ իր ժողովուրդի ծառայած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այսօր ալ կու գայ ըսելու, որ մենք մեր արցախցի ժողովուրդին կողքին ենք` մինչեւ բոլոր իրաւունքներու տիրացումը:
Պատմական, աշխարհաքաղաքական, կովկասեան, միջազգային մեծապետական խաղերը միշտ ալ եղած են: Սակայն Դաշնակցութիւնը արթուն պահակը եղած է, կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Մնայուն զինուորը` ժողովուրդի կարիքներուն հասնող, անոր կամքը զօրացնող, պայքարի ոգին անմար պահող, յոյսն ու հաւատքը անմահացնող:
Պատմութեան ընթացքին իր սկզբունքներուն համար Դաշնակցութիւնը միշտ ալ հալածուած է, նահատակներ տուած է, բանտերուն մէջ ղեկավարներ զոհած է, ուրիշ տեղեր ղեկավարներ առեւանգուած են, եւ անոնց ճակատագիրը անյայտ մնացած է: Սակայն Դաշնակցութիւնը միշտ մնացած է անզիջող, ամրօրէն կառչած է իր սկզբունքներուն եւ հաւատքին:
133 տարիները դիւրին եւ սովորական տարիներ չեղան Դաշնակցութեան համար, բայց եւ այնպէս տոկաց կուսակցութիւնը: Այսօր ալ նոր մարտահրաւէրները վերցնելու, չյուսահատելու եւ կամքը զօրաւոր պահելու փուլի դէմ յանդիման է:
Միասնականութիւնը միշտ ալ եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբունքը եւ այդպէս ալ պիտի մնայ միշտ` ներուժը վերագտնելու, կուռ ու հզօր ոգիով շարունակելու գալիք հարիւրամեակները:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»