image

Արամ Մանուկեանի Տունը պիտի պահպանուի

Արամ Մանուկեանի    Տունը պիտի պահպանուի

Հայաստանի  Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն ՝ Արամ Մանուկեանի տունը պահպանել-վերակառուցելու հարցով ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան պատասխանելով ՀՅԴ ԳՄ  ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանին, յայտնած է, որ այդ կառոյցը Երեւան քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցուցակին մէջ ընդգրկուած է:Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ «Ներկայիս կառոյցը ներառուած է «Հին Երեւան» համալիրի կառուցապատման ներդրումային ծրագիրին մէջ: Ըստ ծրագիրի նախագիծին՝ նախատեսուած է պահպանել եւ վերակառուցել գոյութիւն ունեցող շինութիւնը, իբրեւ ընդհանուր համալիրի մաս:Ան նշած է նաեւ,  որ ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը, որպէս 2014 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին «Multicontinental Distribut» ընկերութեան ի դէմս զուիցերաբնակ ներդրող Վարդան Սրմաքեշի հետ «Հին Երեւան» կառուցապատման ներդրումային ծրագրի վերաբերեալ համաձայնագրի ՀՀ կառավարութեան կողմէ ստորագրող կողմ, հետեւողական պիտի ըլլայ շէնքի պահպանման եւ վերակառուցման գործընթացներուն: Միեւնոյն ժամանակ հաշուի առնելով բազմաթիւ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու կողմէ բազմիցս ներկայացուած առաջարկները` վերոյիշեալ շէնքին մէջ Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած թանգարանային գօտի ստեղծելու մասին: «ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ ծրագրի իրականացման ընթացքին կառուցապատող ընկերութեան խնդիրը ներկայացնելու եւ իրագործելու հարցով»- ըսած է Նարեկ Սարգսեան:Նշենք, որ նշեալ կառոյցի նախագիծը պատրաստած է ճարտարապետ Բորիս Մեհրապեանը, Արամի 9 հասցէի վրայ , 1910 թուականին: