Օրերս Մեծն Բրիտանիոյ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդներէն՝ Քրիսթոֆըր եպս. նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Արցախեան խնդրի մասին լսում-քննարկում մը։
Այս մասին վերահասու դարձանք «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութեամբ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Սատոքի (Լոնտոնեան շրջան ՝Southwark) եպիսկոպոս Քրիսթոֆըրի նախաձեռնութեամբ, 19 հոկտեմբերին Ուեսթմինսթըրի, Լորտերու պալատի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամը։ Ժողովը մեկնարկած է եպիսկոպոսի ներածական խօսքով, ուր ողջունած է բոլորը եւ ներկայացուցած Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը։
Հանդիպումը կայացած է Մեծ Բրիտանիոյ հայ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպս. Մանուկեանի եւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ արք. Անկելոսի առաջարկով։ Քննարկումը մասնաւորապէս ուղղուած էր փախստականներուն օգնելու, Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային կոթողները պաշտպանելու եւ պատանդ վերցուած ռազմագերիները ազատելու։ Հանդիպման ներկայ էին ուղղափառ, արեւելեան ուղղափառ, ուքրանական կաթոլիկ եւ անգլիկան եկեղեցիներու հոգեւորականներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներ, հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ գիտնականներ:
Հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները նախապէս ծրագրուած ցեղային զտումներու քաղաքականութեան մէկ մասն էին, որ Արցախի տասամսեայ շրջափակումով հասաւ իր աւարտին։ Ան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան 100.000 մարդու բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, եւ անկէ բխող հրատապ մարդասիրական խնդիրներուն։ Դեսպանը նաեւ ընդգծած է յստակ համակարգ ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը, որ կ'ապահովէ բռնի տեղահանուածներու պապենական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը։

Յովակիմ եպիսկոպոս իր ելոյթով ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած Քենթըրպերիի արքեպիսկոպոս վերապատուելի Ժասթըն Ուելպիին՝ որ Հայաստան իր կատարած այցելութեամբ օգնած է ուշադրութիւն հրաւիրելու շարունակուող ճգնաժամին վրայ եւ մխիթարած բազմաթիւ փախստականներ։ Յովակիմ եպիսկոպոս ընդգծած է, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մարդասիրական կարիքներուն եւ հոգածութեան հրատապ արձագանգելն է։ «Ուշադրութեան կեդրոն պէտք է ըլլայ ճգնաժամէն տուժած աւելի քան 100,000 մարդու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելը», - ըսած է ան: Շարունակելով իր խօսքը Յովակիմ եպիսկոպոս առանձնայատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է Արցախ գտնուող հայկական հոգեւոր եւ պատմամշակութային ժառանգութեան վրայ, որոնք կը գտնուին պղծման եւ ոչնչացման փաստացի սպառնալիքի տակ։ 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ, Արցախի այն շրջաններուն մէջ, որոնք անցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, Հայկական եկեղեցիները, սրբավայրերն ու գերեզմանները արդէն աւերուած են ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ։ «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ պատասխանատուութիւն ստանձնէ ապահովելու, որ պաշտամունքի վայրերն ու կրօնական կառոյցները պահպանուին, ինչպէս նաեւ ապահովէ հայ հաւատացեալներու մուտքը այդ վայրերը», - նշած է Յովակիմ եպիսկոպոսը` ուշադրութիւն հրաւիրելով այս հրատապ խնդրի վրայ:
Բաց քննարկման ընթացքին լոնտոնաբնակ ուսանող, ծնունդով Ստեփանակերտէն Ռոպերթ Մելքումեան կիսուած է շրջափակուած Արցախի մէջ ապրելու իր տպաւորութիւններով եւ շրջափակման ազդեցութեամբ ամենախոցելի խաւերու՝ երեխաներու, տարեցներու եւ անընտանիք մարդոց վրայ: Որոշ ներկաներ առաջ բերած են Պաքուի կողմէ Արցախի ղեկավարութեան անօրինական բանտարկութեան հարցի կարեւորութիւնը։ Բանտարկութիւնը ներառած է անուանի բարերար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանը, որ վերջին 25 տարիներու ընթացքին յայտնի է «Աւրորա» մրցանակի ստեղծմամբ, հայոց աշխարհի բազմաթիւ վանքերու եւ եկեղեցիներու վերանորոգմամբ, ինչպէս նաեւ կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու շարք մը բարեգործական նախաձեռնութիւններով: