image

Արեւմտեան ԱՄՆ. Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելած է Թեմակալ Առաջնորդին

 Արեւմտեան ԱՄՆ.  Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան  պատուիրակութիւնը  այցելած է Թեմակալ Առաջնորդին

Օրերս  Հայց.  Առաքելական եկեղեցւոյ  Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունած է «Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան» Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Շրջանային Վաչութիւնը:     

Այս մասին «Արեւելք»  կը տեղեկանայ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Չորեքշաբթի, 5 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Քնար Գորթոշեանի, ընկերակցութեամբ դիւանի անդամներ՝ Սեդա Գրիգորեանի, Վիգէն Հարպոյեանի եւ գործավար Ծովինար Ղազարեանի, որոնք յանուն Շրջանային վարչութեան եկած էին խնդրամատոյց ըլլալու Առաջնորդ Սրբազանին, որ նախագահէ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ընդունելութեան՝ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Տաղլեան Մշակութային համալիրի մէջ: 

Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային առաքելութեան բերած նպաստը հայ ազգային կեանքի առաւել աշխուժացման ի նպաստ, դրուատանքով անդրադարձաւ Միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ անցնող աւելի քան հինգ տասնամեակներու ընթացքին անոր ի գործ դրած ճիգին ու կրթամշակութային ծրագիրներուն, ապա ի սրտէ յաջողութիւն մաղթեց՝ շրջանի մէջ Համազգայինի սեփական շէնքը ունենալու նպատակով կազմակերպուած հանգանակային այս ձեռնարկին: 

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ հաղորդ դարձաւ Շրջանային վարչութեան մտահոգութեանց ու հետագայ ծրագիրներուն, զօրակցութիւն յայտնեց աշխատանքներուն եւ այս առիթով ստանձնեց հովանաւորութիւնը՝ իր իսկ կողմէ նախապէս առաջարկուած Կոմիտաս Վարդապետի երգերու գրքոյկի վերահրատարակութեան՝ թելադրելով, որ հանգանակային ճաշկերոյթի ընթացքին օրինակներ բաշխուին բոլոր ներկաներուն:

Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը շնորհակալական ջերմ խօսքերով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թորգոմ Եպիսկոպոսի, որ իր Առաջնորդ ընտրութեան առաջին իսկ օրէն շինիչ թելադրանքներով, ուսանելի խորհուրդներով եւ զօրակցական ժեսթերով զօրավիգ կը կանգնի շրջանի Համազգայինի տեղական թէ համահայկական բնոյթի հայաբոյր ու ազգակերտ զանազան ծրագիրներուն եւ սատար կը հանդիսանայ անոնց յաջողութեան: