Դատարանը երկու ամիսով երկարաձգած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանի կալանքը։ Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է անոր փաստաբան Ռոման Ահարոնեանը։
Ան նաեւ նշած է, որ կը պատրաստուին բողոքարկելու որոշումը։
Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանը կալանաւորուած է հոկտեմբեր 16-ին։ Անոր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած էր՝ պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով ընտրական իրաւունքի իրականացումը խոչընդոտելու, իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւններն օգտագործելով հաւաքներուն մասնակցելուն հարկադրելու մեղադրանքով։
Անոր նկատմամբ մեղադրանքը ներկայացուած էր Արագածոտնի թեմի արդէն կարգալոյծ քահանայ Ստեփան Ասատրեանի (նախապէս՝ Տէր Արամ քահանայ) յայտարարութեան հիման վրայ։
Ան սեպտեմբեր 16-ին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով յայտարարած էր, որ 2021-ին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եղած է պարտադրանք՝ քաղաքական ուժերէն մէկու նախընտրական հանրահաւաքներուն մասնակցելու համար։