image

Ռոպերթ Քոչարեան 2 ամիսով կալանաւորուեցաւ

Ռոպերթ Քոչարեան 2 ամիսով կալանաւորուեցաւ

Ժամեր տեւած դատական նիստէն ետք՝ օգոստոս 27-ի վաղ առաւօտեան, Հակափտածութեան դատարանը որոշած է կալանաւորել Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Հակափտածութեան դատարանը ամբողջութեամբ բաւարարած է Քոչարեանի նկատմամբ կալանք կիրառելու քննիչի միջնորդութիւնը։

«Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը՝ տեղեկացւում է, որ Հակակոռուպցիոն դատարանը (նախագահութեամբ դատաւոր Ս. Դադոյեանի) ամբողջութեամբ բաւարարել է քննիչի միջնորդութիւնը և Ռ.Ք.-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է կիրառուել կալանքը»,- ըսուած է Հակափտածութեան կոմիտէի մամուլի քարտուղարի դիմատետրեան գրառման մէջ։

Քոչարեանը գիշերը Հակափտածութեան դատարանէն տեղափոխուած էր հիւանդանոց։

«Բժիշկների ցուցումով որոշուեց, որ հայրս պէտք է հիւանդանոց գնայ, բայց փաստաբանները մնալու են եւ նիստը շարունակուելու է: Բժիշկները ճիշդ համարեցին, որ ինքը հիւանդանոցում լինի, դահլիճում չգտնուի»,-ըսած էր անոր որդին՝ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանը:

Ռոպերթ Քոչարեանը կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելով խոշոր չափերու կաշառք ստանալու եւ փողերու լուացման յօդուածներով։ Այս նոյն մեղադրանքներով կալանաւորուած է անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը։