Դատարանը եւս երկու ամիսով երկարաձգած է Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը։ Այս մասին յայտնած է փաստաբանը։
Յիշեցնենք, որ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ նոր հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ հարկերէ խուսափելու յօդուածով։
«Ասիկա աւելի զաւեշտալի դէպք է, որովհետեւ պարոն Ծառուկեանը դեռ 2003 թուականէն, երբ ընտրուած է ԱԺ պատգամաւոր, իր բոլոր գործերը յանձնած է կառավարման եւ իր գործերու կառավարման հետ որեւէ առնչութիւն չէր կրնար ունենալ»,– նշած է Գագիկ Ծառուկեանի պաշտպանը։