Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանի տնային կալանքը երկարաձգուած է 3 ամիսով։
Դատական նիստի ընթացքին մեղադրող կողմը միջնորդած էր երկարաձգել Արմէն Աշոտեանի նկատմամբ կիրառուած տնային կալանք խափանման միջոցը։
Դատարանը բաւարարած է մեղադրողի միջնորդութիւնը։
Միաժամանակ, դատարանը տեղեկացուցած է, որ Արմէն Աշոտեան պիտի կարենայ հարցազրոյցներ տալ եւ ուղիղ եթեր մտնել։