Եգիպտոս- Լիբանանցի անուանի աստղ Հայֆա Ուահպէ մեծ յաջողութիւններ գրանցած է Եգիպտոսի մէջ: Այս մասին կը գրէ Լիբանանեան «Րատիօ Սաութ Պէյրութ» կայքը: Կայքի լրագրողը նաեւ գրած է, թէ երէկ Եգիպտոսի «Ալ Մարասի» ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցած համերգին Ուահպէ բոլորովին նոր եւ գրաւիչ ելոյթով մը հանդէս եկած է: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ եգիպտացի մէկէ աւելի լրագրողներ Հայֆան նմանցուցած են Ժէնիֆըր Լոբէզին եւ զինք վերակոչած «Արաբներու Ժէնիֆըր Լոբէզ»ը: Նշենք, որ Ուահպէ ծնունդով Շիիթ է եւ անոր արմատները կուգան Լիբանանի Հարաւէն: