image

Ճէնիֆըր Լոփէզ եւ Պին Աֆլաք ամուսնալուծուած են

Ճէնիֆըր Լոփէզ եւ Պին Աֆլաք ամուսնալուծուած են

Արեւմտեան շոուի ամենայայտնի զոյգերէն մէկը՝ երգչուհի, դերասանուհի Ճէնիֆըր Լոփէզ եւ դերասան, արտադրող Պին Աֆլաք, երկու տարուան ամուսնութենէ ետք կ'ամուսնալուծուին։ Ինչպէս կը հաղորդէ CNN-ը Լոփէզ Աֆլաքէն ապահարզան ստանալու դիմում ներկայացուցած է ։ 

Լոփէզ Լոս Անճըլըսի դատարան դիմումը ներկայացուցած է 20 օգոստոսին Ճորճիոյ Ռայսպորօ քաղաքին մէջ իրենց ամուսնական արարողութենէն երկու տարի անց։ 

Աւելի վաղ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ աստղային զոյգն արդէն շաբաթներ շարունակ կ'ապրէր առանձին։ Աւելին՝ ամուսնալուծութեան մասին լուրերու ֆոնին անոնք նաեւ վաճառքի հանած էին Պեւըրլի Հիլզ գտնուող իրենց 60 միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատունը, որ գնած էին անցեալ տարի:

Լոփեզն ու Աֆլաք հանդիպած էին 2001 թուականին՝ «Ջիլի» ֆիլմի նկարահանման հրապարակին մէջ, որմէ յետոյ սկսած էր անոնց ընկերութիւնը, այնուհետեւ՝ սիրային յարաբերութիւնները։ 2002-ին անոնք նշանուած էին, սակայն այդպէս ալ չէին ամուսնացած։ 

Ճէնիֆըր Լոփէզ եւ Պին Աֆլաք   այս տարիներու ընթացքին ամուսնացած էին այլ անձերու հետ, իսկ 2021 թուականին անոնք յայտարարեցին, որ կրկին միասին են։

Լոփէզ երկու երեխայ ունի իր նախկին ամուսին, երգիչ Մարք Էնթընիի հետ, իսկ Աֆլաքն իր նախկին կնոջ, դերասանուհի Ճէնիֆըր Կարնըրի հետ ունի երեք երեխայ։