image
Հրատապ լուրեր:

«Արաբներու Ճէնիֆըր Լոբէզ»ը Կամ Հայֆա Ուահպէ (Լուսանկարներ)

«Արաբներու Ճէնիֆըր Լոբէզ»ը Կամ Հայֆա Ուահպէ (Լուսանկարներ)

Եգիպտոս- Լիբանանցի   անուանի  աստղ Հայֆա Ուահպէ  մեծ յաջողութիւններ գրանցած է Եգիպտոսի մէջ: Այս մասին կը գրէ   Լիբանանեան  «Րատիօ Սաութ  Պէյրութ»   կայքը: Կայքի  լրագրողը նաեւ   գրած է, թէ  երէկ  Եգիպտոսի «Ալ Մարասի» ծովեզերեայ   շրջանին մէջ տեղի ունեցած   համերգին Ուահպէ բոլորովին նոր   եւ գրաւիչ    ելոյթով մը հանդէս եկած է:  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ   եգիպտացի մէկէ աւելի  լրագրողներ  Հայֆան  նմանցուցած  են Ժէնիֆըր Լոբէզին  եւ զինք  վերակոչած   «Արաբներու  Ժէնիֆըր Լոբէզ»ը: Նշենք, որ Ուահպէ   ծնունդով Շիիթ է եւ  անոր արմատները կուգան  Լիբանանի Հարաւէն: