image

Արա Սանճեան. «Կը մնայ ցանկալ, որ յիշատակի գալիք հանդիսութիւնները պիտի ընդգրկեն պատերազմին հետ առնչուած բոլոր հայերը…»

Արա  Սանճեան. «Կը մնայ ցանկալ, որ յիշատակի գալիք հանդիսութիւնները պիտի ընդգրկեն պատերազմին հետ առնչուած բոլոր հայերը…»

Արա Սանճեան  կը Գրէ «Լիբանանի մէջ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի հրապարակային ձեռնարկներու (արեւելահայերէն` միջոցառումներու) շարքով մը նշել քառասուն տարի առաջ սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած կամ անոր մասնակցած հայ տղոց յիշատակը։ 15 տարի առաջ ալ, համարեա նոյն խորագրով հատոր մը դուրս եկաւ «Ազդակի» տպարանէն։ Փաստական հարուստ նիւթ պարունակող ժողովածու մըն է, որ քանիցս օգտագործած եմ գիտական ուսումնասիրութիւններուս ժամանակ։ Հոն եւս շեշտը տղոց վրայ է։ Կարծեմ ոչ մէկ իգական սեռի զոհ յանուանէ չէ նշուած։ Միաժամանակ, այդ հատորը բարացուցական է լիբանանահայութեան ժամանակակից կուսակցականացած մթնոլորտին տեսանկիւնէն։ Թէեւ կը հպարտանանք թէ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ հայերս միասնական էինք, այդ հատորին մէջ բառ մըն անգամ չէք կրնաք գտնել նոյն պատերազմին զոհ գացած ոչ-դաշնակցական հայ դէմքերու` Զօհրապ Քեշիշեանի, Ստեփան Տէօվլէթեանի կամ Հրաչ Գազանճեանի մասին։ Դաշնակցական շրջանակէն դուրս, այդ հատորին մէջ յուշեր պատմած են միա՛յն 2000 թուականի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ պառակտուած հնչակեան կուսակցութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք այդ տարի ընտրական դաշինք կապած էին Դաշնակցութեան հետ։ «Միւս» հնչակեան ղեկավարներն ու ռամկավարներն ամբողջութեամբ (որոնց թեկնածուներն, ի դէպ, յաղթական դուրս եկան այդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններէն) այդ հատորին յուշագրական բաժնին մէջ չկան։ Կը մնայ ցանկալ, որ 15 տարի ետք, յիշատակի գալիք հանդիսութիւնները պիտի ընդգրկեն պատերազմին հետ առնչուած բոլոր հայերը…Ամէն պարագայի, համեմատաբար բախտաւոր են 1975-1990-ի պատերազմին հայ զոհերը։ Գոնէ զիրենք յիշելու պատրաստակամութիւն ունեցող կայ, յուշակոթող մը ունին (թէեւ յստակ չէ թէ ո՛վ ընդգրկուած է այդ յուշակոթողին մէջ եւ ո՛վ` ոչ)։ 1958ի քաղաքացիական պատերազմին այլազան պատճառներով զոհ գացած քառասուն եւ աւելի հայազգի անձինք 57 տարի ետք տակաւին մէկ հաւաքական հոգեհանգիստի իսկ չեն արժանացած։ Պատճառները կռահելը դժուար չէ, յատկապէս` լիբանանահայոց համար…»