image

23,5 Ապրիլ

23,5  Ապրիլ

Յուսամ՝ որեւէ մէկը երբեւէ ստիպուած չըլլայ ապրելու այս երկուութիւնը: Ինչպէ՞ս հնարաւոր է Ապրիլ 23-ը տօնել աւելի ուրախ: Ինչպէ՞ս հնարաւոր է Ապրիլ 24-ը ջնջել մարդոց յիշողութենէն: Իրականութեան մէջ ասոնք անլուծելի հարցեր չեն: Եթէ Ապրիլ 23-ը տօն է բոլոր երեխաներուն համար, իմ կարծիքով այն ինչ որ կերպ պէտք է տօն դառնայ նաեւ հայ երեխաներուն համար: Անոնց նոյնպէ՛ս հրաւիրեցէք տօնակատարութիւններուն: Հաշտեցուցէ՛ք երեխաները, ծանօթացուցէ՛ք իրարու... Ու թող այս չըլլայ միայն ապրիլ 23-ին, ապրիլ 24-ին ալ միացուցէք, մի՛ մոռնաք: Այդ օրերը աւելի՛ երկար դարձուցէք, ըրէք ամբողջ ապրիլ ամիսը, նոյնիսկ՝ ամբողջ գարունը: Ըսենք թէ՝ ի վիճակի չէք այս ընել, եղած թշնամութիւնը կը խանգարէ այս: Ուրեմն, գոնէ թողէ՛ք աշխարհը երեխաներուն, անոնք կը հարթեն այս խնդիրը, միայն թէ դուք զիրենք չխանգարէք:

 

 

Ապրիլ 23-ը տասնամեակներ տեւած երկունքի ցաւերէն դուրս ելած ազգի ամենակարեւոր սպիտակ օրերէն է: Այս օրը խորհրդարանին մէջ ամրապնդուած է՝ «Ինքնիշխանութիւնն անվերապահօրէն կը պատկանի ժողովուրդին» կարգախօսը: Օրը ժառանգութիւն է նաեւ վաղուան, ապագայի երեխային եւ երիտասարդին՝ այսինքն կեանքին ինքնին: Թերեւս, ասիկա թուրք ազգի ամենախելացի պայծառատեսութեան թուականն է: Եւ ինչ հիանալի ձեւով համատեղուած է «ապագան» ու «երեխան»: Եւ ինչ հիանալի միտք է տարիներ յետոյ ապրիլ 23-ը կիսել աշխարհի բոլոր երեխաներուն հետ: Շնորհաւո՜ր երեխաներու տօնը՝ թուրք երեխաներու ու աշխարհի երեխաներու:

 

Աշխարհի բոլոր անկիւնները «սփռուած» հայ ազգի համար Ապրիլ 24-ը շատ նշանակալի սեւ օր է: Երբ քանի մը հայ հաւաքուի, անոնք անմիջապէս պաստառներով դուրս կ'ելլեն փողոցներ: Ի՞նչն է պատճառը, ինչո՞ւ այս մարդիկ ապրիլ 24-ին օրը փողոց կ'իջնեն: Մտովի երբ ետ երթանք 1915-ի ապրիլ 24-ի լուսադէմ: Իսթանպուլ ապրող հայերը, մասնաւորապէս՝ մտաւորականները, գրողները, արուեստագէտները, ուսուցիչները, իրաւաբանները, բժիշկներն ու պաշտօնեաները կը ձերբակալուին ու կը տարուին իրենց տուներէն: Կը տարուէին հեռու... անվերադարձ: Այս օրը սկիզբն է «հայութեան պատմական ողբերգութեան», որ օրերու ընթացքին տարածուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մնացած տարածքով:

Չեմ գիտեր, ո՞վ կրնայ այս ըմբռնել․ըլլալ ե՛ւ հայ, ե՛ւ թրքաբնակ, տօնել ապրիլ 23-ն իր ողջ ուրախութեամբ ու ապրիլ յաջորդ օրն՝ իր ողջ տխրութեամբ...Տեսնես քանի՞ հոգի այսպիսի երկուութիւն կ'ապրի: Հեշտ չէ ո՛չ ըմբռնելը, ո՛չ ալ բացատրելը:

 

Յուսամ՝ որեւէ մէկը երբեւէ ստիպուած չըլլայ ապրելու այս երկուութիւնը: Ինչպէ՞ս հնարաւոր է Ապրիլ 23-ը տօնել աւելի ուրախ: Ինչպէ՞ս հնարաւոր է Ապրիլ 24-ը ջնջել մարդոց յիշողութենէն: Իրականութեան մէջ ասոնք անլուծելի հարցեր չեն: Եթէ Ապրիլ 23-ը տօն է բոլոր երեխաներուն համար, իմ կարծիքով այն ինչ որ կերպ պէտք է տօն դառնայ նաեւ հայ երեխաներուն համար: Անոնց նոյնպէ՛ս հրաւիրեցէք տօնակատարութիւններուն: Հաշտեցուցէ՛ք երեխաները, ծանօթացուցէ՛ք իրարու... Ու թող այս չըլլայ միայն ապրիլ 23-ին, ապրիլ 24-ին ալ միացուցէք, մի՛ մոռնաք: Այդ օրերը աւելի՛ երկար դարձուցէք, ըրէք ամբողջ ապրիլ ամիսը, նոյնիսկ՝ ամբողջ գարունը: Ըսենք թէ՝ ի վիճակի չէք այս ընել, եղած թշնամութիւնը կը խանգարէ այս: Ուրեմն, գոնէ թողէ՛ք աշխարհը երեխաներուն, անոնք կը հարթեն այս խնդիրը, միայն թէ դուք զիրենք չխանգարէք:

 

Մէկ  այլ իւրայատկութեամբ կը սիրեմ ես ապրիլ 23-ները: Այս օրն էր նաեւ, որ ամուսնացայ իմ սիրելի կնոջ հետ: Ապրիլ 23-ը ապրիլ 24-ին կապող գիշերը մենք կեանք տուինք մեր առաջին երեխային: Այդ ապրիլ 23-ը չէր, ոչ ալ՝ ապրիլ 24-ը: Այդ պահը, թերեւս, ապրիլ 23,5-ն էր:

«Ակօս», ապրիլ 23, 1996