image

Apple-ը ծալուող iPhone կը մշակէ. լրատուամիջոցներ

Apple-ը ծալուող iPhone կը մշակէ. լրատուամիջոցներ

Ամերիկեան Apple արհեստագիական ընկերութիւնը կը մշակէ իր առաջին ծալուող iPhone-ը, յայտնած են քաջատեղեակ աղբիւրները՝ մանրամասնելով, որ նոր սարքը պիտի թողարկուի երկու տարուան ընթացքին:

Ինչպէս նշած է dailymail.co.uk-ը, երկար ժամանակ կը խօսուէր, որ տեխնոլոգիական հսկան ծալուող սմարթֆոնի ծրագրեր ունի: Որպէս «ապացոյց» նախապէս հրապարակուած են բազմաթիւ արտօնագրեր, որոնք կը հաստատէին այս պնդումները:

Սակայն այժմ քաջատեղեակ աղբիւրները պատմած են, որ ընկերութիւնը շատ աւելի պաշտօնական մակարդակով կը մշակէ երկու տարբեր չափերու նախատիպեր՝ ծածկագրուած «V68» անունով: Նշուած է նաեւ, որ Ասիոյ մատակարարները բանակցութիւններ կը վարեն այս սարքերու բաղադրիչները պատրաստելու շուրջ:

Ըստ Apple-ի աղբիւրներու, ընկերութեան արդիւնաբերական ձեւաւորման խումբը կ՚ուզէ, որ ծալովի iPhone-ը շատ բարակ ըլլայ: