image

Իսրայէլը պատուիրակութիւն չէ ուղարկած Կազայի հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն. լրատուամիջոցներ

Իսրայէլը պատուիրակութիւն չէ ուղարկած Կազայի հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն. լրատուամիջոցներ

Իսրայէլը որոշած է պատուիրակութիւն չուղարկել Գահիրէ Կազայի հատուածին մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւններուն։ Այս մասին գրած է New York Times-ը՝ վկայակոչելով իսրայէլցի պաշտօնեան, որու անունը չի նշուիր։

«Իսրայէլը որոշած է չմասնակցիլ: Նման որոշում կայացուած է այն բանէ ետք, երբ Քաթարի վարչապետը տեղեկացուցած է «Մոսատի» ղեկավար Տէյվիտ Պարնէային, որ ՀԱՄԱՍ-ը մերժած է Իսրայէլի՝ դեռ ողջ պատանդներու ցուցակը ներկայացնելու խնդրանքը»,- գրած է թերթը։

Նշուած է, որ պատուիրակութիւն չուղարկելու եւս մէկ գործօն հանդիսացած է այն, որ ՀԱՄԱՍ-ն իբրեւ չէ համաձայնած պաղեստինցի գերիները իսրայէլցի պատանդներու դիմաց փոխանակելու ԱՄՆ-ի առաջարկած պայմաններուն։