image

Նիւ Եորքի մէջ պիտի կայանայ Փաշինեան-Էրտողան հանդիպում․ Թրքական լրատուամիջոցներ

Նիւ Եորքի մէջ պիտի կայանայ Փաշինեան-Էրտողան հանդիպում․ Թրքական լրատուամիջոցներ

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝  Թուրքիոյ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ սեպտեմբեր 22-27-ը աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն, ելոյթներ պիտի ունենայ Ապագայի գագաթնաժողովին, ՄԱԿ Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հատուածին մէջ: