image

Գարեգին Կաթողիկոսի գործը՝ ընդդատութեան հարցով վճռաբեկ ատեանին

Գարեգին Կաթողիկոսի գործը՝ ընդդատութեան հարցով վճռաբեկ ատեանին

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ վեց սրբազաններու դէմ Հայաստանի մէջ բացուած քրէական գործը նոր փուլ մտած է։

Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու գործը քննութեան ստանձնած երրորդ դատաւորը՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական ատեանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան, դիմած է Հայաստանի Վճռաբեկ ատեան՝ գործի ընդդատութեան հարցը լուծելու համար։

Դատաւորը կը գտնէ, որ գործը իր իրաւասութեան ներքեւ չէ եւ խնդրած է որոշել, թէ այն Երեւանի՞, թէ՞ Արմաւիրի դատարանին մէջ պէտք է քննուի։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումով՝ դիմումը հիմնուած է Հայաստանի Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 263-րդ յօդուածի 4-րդ մասին վրայ։ Ըստ այդ դրոյթին՝ գործը ստացած դատարանը, մինչեւ նախնական դատալսումներու սկսիլը, իրաւասու է վիճարկելու անոր ընդդատութիւնը։

Այս պարագային հարցը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ վերջնականապէս կը լուծէ Վճռաբեկ ատեանի քրէական պալատի նախագահը։

Վճռաբեկ ատեանը այժմ պէտք է որոշէ, թէ քրէական գործը պէտք է քննուի Երեւանի՞, թէ՞ Արմաւիրի դատարանին մէջ։

Նախապէս գործը ստացած էին Արմաւիրի երկու դատաւորներ։ Անոնցմէ մէկը ինքնաբացարկ յայտնած էր, իսկ միւսը գործը ուղարկած էր Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարան։

Այսպիսով, Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի վեց սրբազաններուն դէմ գործը առայժմ դատական քննութեան չէ անցած։