image

Շուտափոյթ ապաքինում՝ Տ. Տաթեւ քհնյ. Մէլէնկիչեանին

   Շուտափոյթ ապաքինում՝   Տ. Տաթեւ քհնյ. Մէլէնկիչեանին

Օրերս  Գանատայի   Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քահանայից դասու   հայրերէն  Արժ. Տ. Տաթեւ  քհնյ. Մէլէնկիչեան ենթարկուած է բաւական ծանր վիրաբուժութեան։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Գանատայի  իր աղբիւրէն։

 

Մեր   ունեցած տուեալներով    Տէր Հօր առողջական վիճակը կտրուկ վատացած է, որմէ ետք ալ բժիշկներու խորհուրդով վերջինս ենթարկուած  է  վիրաբուժական բաւական բարդ գործողութեան մը։

 Ներկայիս Տէր Հայրը (Աւազանի անունով՝ Թորոս)  կը գտնուի  հիւանդանոցէն ներս  եւ  բժիշկներու հսկողութեան  ներքոյ պիտի անցընէ  ապաքինման  կարեւոր փուլ մը։

Շուտափոյթ  ապաքինում կը մաղթենք Տէր Հօր,  յուսալով, որ շուտով կը վերադառնայ  իր բնականոն   կեանքին ու առաքելութեան։