image

Անոնք հիմա իմ լաւ ընկերներն են. Թրամփ՝ Փաշինեանի եւ Ալիեւի մասին

Անոնք հիմա իմ լաւ ընկերներն են. Թրամփ՝ Փաշինեանի եւ Ալիեւի մասին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ անդրադարձած է Օգոստոս 8-ին Սպիտակ Տան մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ գագաթնաժողովին՝ Truth Social ընկերային ցանցին մէջ հրապարակելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ լուսանկարներ։

«Մեծ պատիւ էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր՝ տասնամեակներ տեւած պատերազմներէն եւ մահերէն ետք։ Անոնք երկու հրաշալի մարդ են եւ մեծ առաջնորդներ։ Այժմ անոնք իմ լաւ ընկերներն են»,– գրած է ԱՄՆ նախագահը։

Նշենք, որ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթենի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ ԱՄՆ առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումը, որմէ ետք Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ՝ Տանըլտ Թրամփի մասնակցութեամբ, ստորագրած են համատեղ յայտարարութիւն։ Յայտարարութեան առանձին կէտ մը նուիրուած է փոխադրային հաղորդակցութիւններու բացման եւ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին ու Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն ապահովելու հարցին։ Հայաստանի տարածքին պիտի իրականացուի յատուկ նախագիծ՝ «Թրամփի ուղի՝ ի նպաստ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման», որ կը նախատեսէ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը այս երթուղիի ապահովման գործին մէջ։