Սուրիոյ մէջ պայքար մղող Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Սիփան Համօ յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան օգտագործած է սուրիացիները, հասնելու համար իր նպտակներուն, միաժամանակ շեշտելով, որ այլեւս «Ազատ բանակ» գոյութիւն չունի, այլ անոր մնացորդները այն զինեալներն են, որոնք ի շահ Էրտողանի կը գործեն:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, Համօ այս առթիւ յայտարարած է, որ Թուրքիա իր սահմաններու անառիկութիւնն ապահովելու նպատակով կը ձգտի Սուրիոյ Աֆրին քաղաքը գրաւել, որմէ ետք Ալ Պապ շրջանը Իտլիպի մէջ իր իշխանութեան տակ գտնուող տարածքներուն հետ կապելով պիտի ապահովէ իր քաղաքական իշխանութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ իրականացնէ իր երբեմնի նպատակները:
«Որովհետեւ Սուրիոյ մէջ պայքար մղող բոլոր զինեալ խմբաւորումներն այժմ ի շահ Թուրքիոյ կը գործեն, հետեւաբար անոնք այլեւս ոչ մէկ առնչութիւն ունին Սուրիոյ եւ սուրիացիներու ազատագրման հետ, այլ անոնք Էրտողանի կողքին գումարի դիմաց պայքարող վարձկաններ են»,- բարձրաձայնած է Համօ: