Որքան ժամանակները անցնին ու երթան, այդքան կարօտը կը պաշարէ մեր հոգիները։ Թերեւս միշտ չէ, որ այդ անցեալը իր մէջ ունեցած է գեղեցիկ պահեր, գունեղ պատկերներ, խանդ ու եռանդ, բայց բոլոր առումներով ալ անցեալը սիրելի է։
Անցեալին ցաւերը, տագնապները, պայքարները յաճախ կը յիշուին, անշուշտ, սակայն այդ տագնապներու կողքին մեր յիշողութեան մէջ մշտատեւ տեղ կը գրեն այն գեղեցիկ պահերը, որոնք միայն շարադրութեան նիւթեր չեն, այլ ապրումի պահեր. պահեր, որոնք մեզ կ՚առնեն իրենց թեւերուն, որոնք մեզի կու տան նորովի թռիչքի պահեր։
Այդ պահերէն է, անշուշտ, այն օրերն ու ժամանակները, երբ Խանամիրեան քոլէճի փոխադրակառքը մեզ դպրոցէն առնելով՝ կը տանէր դէպի տուն։
Տունի ճամբան էր ուրեմն, որ մեզ գրաւած էր իր բոլոր հմայքներով, իր բոլոր սպասումներով, իր երգերով ու մանաւանդ բոյրերով։
Մեր վարորդին՝ Կարօ Կարապետեանին քշածը փոքր «Վոլքսվակըն» տիպի ինքնաշարժ մըն էր, որուն ետեւի դուռը՝ յատկապէս գարնան գալուն պէս կը բացուէր ու մեզմէ շատեր ինքնաշարժին ետեւը նստելով, մեր ոտքերը օդին մէջ ճօճելով կը հետեւէինք ճանապարհին. ի՜նչ սրաթռիչ երթով պր. Կարօն մեզ Պէյրութի Ֆանար շրջանէն պիտի առնէր ու տանէր մինչեւ Պիքֆայայի փէշերը՝ Էլիսարի շրջան, ուր հաստատուած էինք ընտանեօք։
Երջանիկ օրեր էին, անշուշտ, ո՛չ միայն անոր համար, որ գարնան առաջին շունչերուն հետ գաղտնագողի պաղպաղակ մը գնելու առիթը կը տրուէր մեզմէ շատ-շատերուն, այլ անոր համար, որ դպրոցական արձակուրդը արդէն կը մօտենար։ Միշտ խաղաղ չէին ըլլար մեր երթերը, յաճախ կ՚ըլլային սարսափներ, որովհետեւ երկիրը կ՚անցնէր ցնցումներէ, կրակոցներէ եւ առաւելապէս վախ ու ահերէ։
Բջիջային հեռախօսներ չկային յայնժամ ու ամենավատն այն էր, որ մեր ծնողները ահ ու դողով ստիպուած կ՚ըլլային սպասել մինչեւ այն պահը, երբ մենք կը հասնէինք տուն ու հեռախօսի գիծերու առկայութեան պարագային միայն կրնայինք կապ մը հաստատել մեր ծնողներուն հետ։
Այս առումով ալ հիմակուան պէս կը յիշեմ այն պահը, երբ մեր ինքնաշարժը հրթիռի մը պէս սլացաւ Անթիլիաս շրջանի հրապարակէն ու բարձրացաւ դէպի Մեթն՝ Լեռնալիբանան։
Այդ օր Լիբանանի երկու հիմնական քրիստոնէական ուժերը իրարու հետ բախումներու բռնուեցաւ ու դուռը բացուեցաւ մի քանի ամիս տեւած ընդհարումներէ վերջ, որոնց աւարտին Լիբանանի նախկին նախագահի տիրութեան տակ գտնուող բանակը իր պատերազմի փողերը լարեց երկրին մէջ տեղակայուած սուրիական խաղաղապահ զօրքերուն ուղղութեամբ։ Շատ չխրուիմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ փուլին մէջ, բայց եւ այնպէս, այդ ժամանակի դէպքերէն բազմաթիւները մնացին մեր վաղ պատանեկութեան տարեգրութեանց մէջ։ Անշուշտ, նկարուած կամ նկարահանուած պահը ամենաբարդն ու ամենադժուարն էր։ Կը սլանայինք կրակոցներու մէջէն, իսկ մեր վարորդը՝ Կարոն անվրդով ու քաջ սլացքով մը մեզ բոլորս հասցուց մեր տուները։ Մեզմէ քիչերը թերեւս մտածեցին այդ նուիրեալ վարորդին մասին, որ մեզ մեր տուները հասցնելէ ետք միայն պէտք է վերադառնար իր տունը։
Անորոշութիւն մը կը պատէր մեր հոգին, բայց մեզմէ ոչ ոք, հաւանաբար ոչ ոք իր մտքին մէջ ըսաւ, որ պր. Կարոն պէտք չէ վերադառնար, առնուազն ժամանակի մը համար ան պէտք է մնար մեր մօտ, կրակները լռէին ու ապա միայն ան կրնար հեռանալ դէպի իր բնակարանը։
Պահու տնօրինում էր ու նուիրեալ մարդու մը ճակատագրուած գործ կամ առաքելութիւն, որուն ճամբով ալ վարորդը պարտաւոր էր ապահով կերպով Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլէճի սաները տուն հասցնել ու ապա դարձեալ կրակներուն մէջէն անցնելով, վերադառնալ դէպի իր տուն…։
Ապրուած մանկութեան մը վառ յուշերն են, որոնց մասին այս օրերուն դարձեալ մտածել ուզեցի կարդալով իմ վաղեմի ընկերոջ Սագօ Գասապեանի մէկ գրառումը, ուր ան կը պատմէր բոլորովին այլ տեսակի պատերազմի մը մասին, որուն զոհերն ու վիրաւորները Անթիլիաս շրջանը մինչեւ ծովեզերեայ Տըպայէին կապող նարինջի ծառերն էին, աւելի կարճ՝ նարնջենիներու այգիները։ Այդ այգիներուն մասին շատ եմ լսած. հօրմէս, հօրեղբօրմէս, ազգականներէս ու ինձմէ տարիքով մեծ ծանօթ-բարեկամներու բերնէն։
Այսօր այդ պարտէզները գրեթէ չկան։ Այն պարտէզները, որոնք նաեւ ականատեսը եղած են մեր հայրենակիցներէն շատերու մանկութեան, պատանեկութեան, այսօր վերածուած են «ասֆալթի թագաւորութեան» մը, ու հոն գոյացած ամբողջ կեանք մը, ապրումներու բոյլ մը վերածուած է անցեալի։
Յիշողութիւն մը, որ կը խօսի մեր գողցուած մանկութեան մասին, մեզմէ խլուած ապրումներուն, պատերազմի ոճիրներուն ու սխրանքով ապրած ու մեզմէ առ յաւէտ հեռացած պր. Կարոյին ու միւս կարօներուն մասին, որոնք այսօր ցաւալիօրէն մեր հետ չեն։
Յիշատակի գրութիւն մը եղաւ այս յօդուածը, որ խորքին մէջ ընթերցողին պիտի պատմէր Պէյրութի մանկութեան օրերու ապրումներուն, գեղեցիկ օրերուն, արեւներուն ու առաջին սէրերուն մասին։ Բայց եկուր տես, որ նոյն այդ մանկութեան լաւագոյն տարիներուն տեղ մեր հոգիներուն մէջ նստած է պատերազմը, կորուստներու ցաւը եւ ինքը կորուստի զգացումը ու այդ կորուստներուն մէջ առաւելապէս Կարօ Կարապետեանի յիշատակը, որ մեզ Ֆանար շրջանի մեր դպրոցէն կ՚առնէր ու կապոյտ ներկուած «Վոլքսվակըն»ի «թեւեր»ուն վրայ մեզ կը տանէր ու կը հասցնէր մինչեւ ամենահեռու շրջանները. մինչեւ Էլիսար, Գորնէթ Շահուան եւ Պիքֆայա։
Յիշատակներու այս խուրձը, յիշողութիւններու այս կրակէ մոմը Կարօ Կարապետեանին կը նուիրեմ։ Այսօր, այստեղ եւ այս պահուն յիշելու համար այն բոլոր նուիրեալները, որոնք մեզի հետ չեն այսօր եւ սակայն անոնց յիշատակը միշտ վառ է մեզի համար։
Ինչպէս վերեւ նշեցի այս գրութեանս պատճառը՝ Սագօ Գասապեանի մէկ գրառումն է, զոր կը ներկայացնեմ ստորեւ։
Ըստ Գասպարեանի, տարբեր տեղեր կարդացած պիտի ըլլաք, լսած պիտի ըլլաք եւ, շատերդ ինծի նման, տեսած պիտի ըլլաք նարնջենիներու եւ լեմոնի անծայրածիր պարտէզները, որոնք գրաւած էին Լեռնալիբանանի Մեթն գաւառի ծովեզերեայ մասը:
Հարաւէն հիւսիս երկարած (կամ հիւսիսէն հարաւ), իրենց բուրմունքով տրամադրութիւն բարձրացնող միջավայր ստեղծած, համբաւ հանած այս ծառաստանները կը պատկանէին բնիկ լիբանանցիներու, որոնք սերունդէ սերունդ այս պարտէզները պահած էին եւ կ՚ապրէին անոնց բերքի բարիքէն: Շատեր յառաջդիմական քայլեր առնելով՝ իրենց պարտէզին մէջ աւելցուցած էին «աւոքատ»ի ծառերը, ուրիշներ փորձեր կատարած էին արմաւենիներով յառաջդիմելու, բայց բոլորն ալ կը զիջէին նարինջի եւ լեմոնի օգտակար եւ սննդարար պտղատեսակին, որուն աճեցումը ըստ երեւոյթին այդ աշխարհագրական տարածքով կատարեալ էր։
Օրերը եկան ու անցան, պարտէզները չքացան:
Ո՛չ, երաշտ չեղաւ որ պարտէզները չորնան ու չքանան, այլ, եղաւ ա՛յլ տեսակի «երաշտ»:
Եղաւ այն, որ պարտէզներուն տէրերը, շատ հաւանաբար հերթական սերնդափոխութեան մը դարձուածքի ժամանակ, նախընտրեցին նարինջի պարտէզները տեսնել առանց ծառերու, այսինքն չափագրուած հողատարածքներ տեսնել զանոնք, եւ իբր այդպիսին՝ քառակուսի մեթրերը շուկայական թուաբանական հաշուարկներու զարնելով, եւ նարինջէն, լեմոնէն, արմաւէն եւ աւոքատոյէն աւելի եկամտաբեր՝ շահաբեր առաջարկներ ստանալով, այդ պարտէզները քանդելով, առանց ծառերու, տուին վարձու:
Պոկելէ ետք ծառերը, հողին վրայ սփռուեցաւ ասֆալթ, եւ այդ ընդարձակ պարտէզները եղան նոր ինքնաշարժներ ներմուծող ընկերութիւններու համար կայանատեղի: Այդ օրերուն՝ 2010-2020, շատ դիւրին էր դրամատնային քանի մը թուղթ ստորագրել եւ մասնավճարով նոր ինքնաշարժ գնել: Այնքան ընդհանրացած էր այս երեւոյթը, որ այդ ընկերութիւնները հսկայական տարածքներու պէտք ունէին իրենց ներմուծած նոր ինքնաշարժներուն համար, եւ, այդ տարածքները՝ նախկին կանաչ պարտէզներն էին: Հողատէրերը, իրենց ժառանգները, բոլո՛րը, մէկը միւսին ետեւէն ստացան գայթակղեցուցիչ առաջարկներ, եւ կանաչապատ պատէզները մէկը միւսին ետեւէն քանդուեցան, ի դիմաց կանաչապատ տոլարին: Ասոնցմէ ոմանք, բոլորովին ա՛յլ հաշիւներով, նոյնիսկ ծախեցին իրենց հողերը, որոնց վրայ այսօր կը տեսնենք երկար պեթոնէ կոյտեր՝ շէնքեր:
Օրերը շարունակեցին գալ ու անցնիլ, եւ վրայ հասան Լիբանանի վերջին դրամանկումի օրերը: Ամէն ինչի պէս այս նիւթական հաշուարկն ալ ենթարկուեցաւ վերատեսութեան, եւ իբր այդպիսին, ինքնաշարժ ներմուծող ընկերութիւնները, մէկը միւսին ետեւէն փակեցին իրենց դռները. լաւագոյն պարագային, կասեցուցին հազարաւոր նոր ինքնաշարժներու ներմուծումը, ապա՝ նախկին ապառիկով վաճառքը, երբ արդէն գնողներու քանակը կտրուկ, գրեթէ կանգ առած էր:
Ինքնաշարժները հեռացուեցան այդ տարածքներէն եւ վարձակալութեան պայմանագիրները կա՛մ չեղարկուեցան եւ կամ չնորոգուեցան:
Մնացին ասֆալթապատ հողատարածքները:
Մնացին հողակտորները, փոխան կեանքով լեցուն նարինջի եւ լեմոնի բուրումնաւէտ ծառերուն՝ անհրապոյր ասֆալթաբոյր:
Մնացին հողատէրերը. այո, անոնք մնացին, մնացին անոնց ժառանգորդները եւս, եւ մնացին անոնց ստացած հսկայական գումարները. այո, մնացին՝ բայց դրամատուներուն մէջ:
Մնացինք նաեւ մե՛նք, եւ գրեցինք պատմութիւնը այս անհեռատես հողատէրերու, որոնք իրենց պապերէն ժառանգածը զիջեցան ժամանակաւոր նիւթականին: Ուզեցին շուտ, կրկնապատիկ հարստանալ դրամով, բայց կորսնցուցին շատ աւելի թանկագինը՝ աւանդականը, պապենականը, սերունդներու սնունդի աղբիւրը:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս