image

Անդրանիկ Քոչարեանի խնդրով ՔՊ-ն դէմ է «Բարեվարքութեան յանձնաժողով» ստեղծելուն

Անդրանիկ Քոչարեանի խնդրով ՔՊ-ն դէմ է «Բարեվարքութեան յանձնաժողով» ստեղծելուն

ՔՊ-ն դէմ պիտի քուէարկէ Անդրանիկ Քոչարեանի հարցով բարեվարքութեան յանձնաժողով ստեղծելու հարցին: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը:

«Բայց խմբակցութիւնը տեւական ժամանակ աշխատում է ԱԺ-ում մշտական գործող էթիկայի յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ, որտեղ կը քննուեն պատգամաւորական էթիկային վերաբերեալ ամենատարբեր հարցերը: Այդտեղ մենք յոյս ունենք՝ ընդդիմութիւնը եւս մեզ հետ կը համագործակցի, որովհետեւ նաեւ ընդդիմութեան ձայներն են մեզ պէտք լինելու: Երբ ստեղծուի, արդէն մշտական գործող էթիկայի յանձնաժողով կ՚ունենանք»,-ըսած է Կոնջորեանը: