Հայաստան մղձաւանջի մէջ է այսօր երբ սահող տարուան վերջին ծանր քայլերով կը քաշքշուինք դիմաւորելով Նոր Տարուան առաջին օրն իսկ, բոլորս միասին այս անգամ անձկութեամբ տեսնելէ ետք անցնող վտանգալից ահռելի պատերազմին հետեւող զարգացումները հայաշխարհէն ներս, պահ մը նորոգեալ վստահութիւնը ետին թողած նոյնիսկ, ու անմիջական ելքը նոյնքան անակնկալի թողած։
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանափոխութիւնը զարտուղի ճանապարհով հիացում պատճառեց կարծեցինք, իբր ժպիտ մը վերադարձած հայաշխարհին, տապալելով անպարտելի կարծուածը, մաքրելով ու քակելով ապաշնորհ հաշիւներու ժանգոտած շղթային օղակները մէկ առ մէկ, եւ հասնելով իր տրամաբանական ելքին՝ հիմնովին նոր Խորհրդարանի ընտրութեամբ որպէս նշան բարոյական ու վերջնական յաղթանակի։ 2018 պատմական թուականին միակ անձի մը այլապէս անվեհեր ու տհաս, ուղղամիտ եւ արդարակորով տեսիլքը, պահ մը փոթորկեց Հանրապետութեան ժողովրդական ալիքը որպէս սպեղանի, շուտով սակայն հայու գլխուն փորձանք դառնալով ահաւոր պատերազմով ու ազգապատկան հողերու ու վանական հին հաստատութեանց յանձնումովը։
Հայ ժողովուրդը նախ ցնցուեցաւ եւ ապա շատ շուտով սթափեցաւ տեսնելով կատարուած յեղաշրջումին իրական եւ մնայուն արժէքը մեկնող իշխաններուն միանուագ փլուզումին ընդառաջ։ Բնականօրէն ամէն ինչ կատարեալ չէր կրնար ըլլալ, եւ սակայն կատարելութեան ուղղութիւնը ճշդուեցաւ կարծեցինք։ Եւ այդ պիտի ըլլար նոր շարժումին ընթացքը։ Ակնկալութեան ժամը հնչած էր եւ համբերութեան բաժակը յորդած, կացութիւնը վերադարձած էր իր բնականոն վիճակին, դարձեալ կարծեցինք, սպասելով իրական եւ արդիւնալից գինարբուքի։ Նախկին վհատութեան փոխարէն՝ իբրեւ թէ վստահութիւն ի նորոյ, այս անգամ իրական գործի եւ պարկեշտ աշխատանքի լուսաւոր եւ թափանցիկ ուխտառութեամբ։ Ժողովրդական հսկայ շարժումը այդ էր որ կ՛ակնկալէր վստահութեան կողքին եւ անկէ անմիջապէս ետք։
Պահ մը Հայ Եկեղեցին եւս ցնցուեցաւ անարժէք եւ անխոհեմ մի քանի անձերու անմիտ հեռանկարով, այս անգամ թիրախ դարձնելով Գերագոյն Պետը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։ Սակայն վայրկեաններու աղմուկ մը եղաւ այդ ու անարժէքը գտաւ իր արժանի տեղը, մնաց հոն ուրկէ եկաւ։ Մայր Աթոռի անվեհեր համբերութեամբը, հակառակ հայրենի պետութեան անտարբերութեան նոյնիսկ, այս մէկը եւս անցաւ որպէս պատմական վիժում։
Այսօր Յունուարի առաջին օրն է եւ Հայ պետութիւնը տակն ու վրայ կը դիմաւորէ զայն։ Զիրար չեն հասկնար, նոյնիսկ Պետութիւնն ու Եկեղեցին որոնք դարերու ընթացքին զիրար գրկեցին եւ կուրծք տուին դրացի ոսոխներուն այնքան օրինակելի կերով։ Ինչո՞ւ դաս չառնել եւ փոխարէնը ներքին խռովութեանց ուժ տալով զիրար վիրաւորել երբ թշնամին այդ է որ կը ցանկայ։ Կայ նաեւ ճշմարտութիւնն ու անոր հանդէպ կարճատես եւ անփորձառու անքաղաքագէտ մերձցումը։ Անձնական կարծիքներն ու վերլուծումները շատ են, կը բացակայի սակայն ներքին միասնա-կանութիւնն ու կը տիրապետէ արտաքին պետութեանց անորոշ եւ շփոթեցուցիչ վերաբերմունքը։ Որո՛ւն պիտի հաւատաս։
Վրայ հասաւ անտանելի համաճարակը եւ անցնող տարին հնձեց հոյլ մը ականաւոր անձերու կեանքը, հոգեւորական եւ աշխարհիկ, ու զարթօնքի նշանները աղօտեցան ուսումնական եւ մշակութային դաշտին վրայ։ Հայապահպանութեան պայքարը պահուըտեցաւ Հայաստանի խարխուլ հիմքերու ետին, ի գին աշխարհակործան հայաթափումին, մինչեւ այն ատեն երբ յեղափոխութիւնը գրաւեց մեր երկրին ձայնը ու աղմկալից նոր հիմերու վրայ կանգնելու նախաձեռնարկ եղաւ։ Ամէն ինչ նոր, հապճեպ եւ անփորձ ըլլալով հանդերձ, նախագահ, վարչապետ եւ նախարարներ, միայն պայմանաւոր երաշխիքը տուին մեր ժողովուրդին։
Սփիւռքի հայութեան ականջը հազիւ լսեց ու լռելեայն կէս-բերան անդրադարձ մը արձակեց, թէեւ առանց վտանգելու շօշափելին ու իրականը՝ յանձն առած իր տարեկան շնորհալի եւ կանոնաւոր նուիրահաւաքումով։ Այս բոլորէն ետք ի՛՛նչ պէտք է ընել, եւ ո՛չ թէ ինչ պիտի ըլլայ։ Նոր տարին կը խոստանայ աւելի բարիք եթէ հայորդիք ներգործական ըլլան քան թէ կրաւորական, եւ իրենց միտքը գործի ենթարկեն աշխարհով մէկ։ Այս պիտի ըլլայ նոր տարուան պատգամը։ Թիւերը կը գլորին եւ գործն է որ կը մնայ։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կարեւոր գործ ունի երբ մանաւանդ պարագաներու բերումով ջնջուեցաւ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի գումարումը որ տեղի պիտի ունենար 2019-ի աշնան։ Ժողովը ծրագրեալ լայն օրակարգ պիտի ընդգրկէր, քննարկելով նաեւ Հայաստանի մէջ կրօնական այլախոհ եւ անուղղափառ շարժումները։ Եթէ Մայր Աթոռի քսանամեայ հոգեւոր առաջնորդութիւնը, հոգեւոր ճեմարաններու աշխուժութիւնն ու եկեղեցաշինութիւնը ծաղկեցան ու գնահատանքով արձանագրուեցան, անհասկնալի մնաց սակայն կարեւորագոյնը, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ներքին եւ արտաքին հիմնական նորոգութիւններու առաջնահերթութիւնը՝ սրբութեամբ եւ ամենայն փութաջանութեամբ։
Կը յուսանք եւ կը մաղթենք նոր տարուան ընթացքին իսկապէս կ՛աւարտին հնաբոյր Մայր Տաճարին նորոգութիւնները, միշտ աչալուրջ մնալով աջէն եւ ձախէն եկած լուրջ եւ կամ վնասաբեր շշուկներուն, միաբանական կեանքէն ներս նոյնիսկ, սրբագրելով ի հարկին ինչ որ կրնայ երեւան գալ իբրեւ այդպիսին, վերահաստատելով նաեւ կանոնական իրավիճակը Նուիրապետական միւս Աթոռներուն նկատմամբ։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ, աւելի վստահութեամբ, աւելի ակնկալութեամբ։
Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
Յունուար 1, 2022